ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԱՌԱՋԻՆ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒՆ ԸՆԹԵՐՑՄԱՆ ՏՕՆԸ

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ առաջին դասարանի փոքրիկներուն ընթերցման տօնը, որ բացառիկ ոգեւորութեան առիթ հանդիսացաւ։ Փոքրիկները, որոնք իրենց կրթական կեանքի առաջին տարին բոլորած էին, ծափահարութիւններու արժանացան զանազան ելոյթներով։ Հանդէսի յայտագրի գործադրութենէն վերջ, տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան խօսքով մը, որու ընթացքին ապագայ յաջողութիւններ մաղթեց փոքրիկներուն։

Ընթերցման տօնին հետեւեցան նաեւ Գատըգիւղի ընտանիքէն վարիչներ, որոնք եւս ջերմ վերաբերմունքի առարկայ դարձուցին փոքրիկները։

Չորեքշաբթի, Յունիս 3, 2026