ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՅՈՒՆԱՑ ՃԱՄԲԱՐԷՆ ԱՅՍ ՏԱՐԻ ԵՒՍ ՊԻՏԻ ՕԳՏՈՒԻՆ ՄԵՐ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՏՂԱՔԸ
Նկատի ունենալով, որ Գարակէօզեան տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի շէնքի ամրակայման աշխատանքները կը շարունակուին՝ այս տարի եւս մեր համայնքի տղաքը ամրան արձակուրդի շրջանին պիտի օգտուին նոյն կղզիի յունաց վանքէն ներս խարսխուած ճամբարէն: Մինչ կազդուրման կայանի վերանորոգութեան աշխատանքները թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի օրակարգին վրայ կը զբաղեցնեն առաջնահերթութիւն, ներկայ ամրան արդէն գետնի վրայ գործնական աշխատանք կը տարուի՝ կազդուրման կայանի փակ ըլլալէն բխած խնդիրները յաղթահարելու համար: Վերջին տարիներուն ձեւաւորուած նախընթացին հիման վրայ՝ այս տարի եւս հայ եւ յոյն համայնքներու գործակցութեամբ պիտի լուծուի այս խնդիրը: Համապատասխան ենթագետինը ստեղծուած է Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեանի եւ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքի օրհնութեամբ: Այսպէս, Գնալը կղզիի յունաց ճամբարի դռները 11-20 օգոստոս թուականներուն պիտի բացուի հայ համայնքի մանուկներուն եւ պատանիներուն համար:
Ծրագրին ամբողջ ծախսերը կը դիմագրաւուին յայտնի համայնքային բարերարուհի Մոնիք Երկանեանի կողմէ: Աշխատանքները կամաւոր կերպով կը համակարգէ մեր ազգայիններէն Արի Չոլաք, որ վերջին տարիներուն շինիչ համագործակցութիւն մը կը ծաւալէ՝ Գնալը կղզիի յունաց վանքի տնօրէն Տիմիթրի Քումվոփուլոսի հետ: Ըստ ճամբարի հնարաւորութիւններուն՝ մեր համայնքէն քառասուն հոգիէ բաղկացեալ խումբ մը ամրան արձակուրդի հնարաւորութիւն պիտի ունենայ: Այս թիւը կը ներառէ՝ աշակերտները եւ իրենց հսկիչներն ու պատասխանատուները: Մոնիք Երկանեան քառասուն հոգինոց այս խումբի ամբողջ կեցութեան սնունդի եւ այլ յարակից ծախսերու դիմագրաւումը յանձն առած է: Բաց աստի, ան յունաց պատրիարքարանին ալ նուիրատուութիւն մը կատարած է՝ առ ի երախտագիտութիւն:
Այս տարի արդէն երրորդ անգամ Գնալը կղզիի յունաց ճամբարէն պիտի օգտուին թրքահայ մանուկներն ու պատանիները: Ծրագրին մասնակից տղոց մեծամասնութիւնը Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցի սաները պիտի ըլլան: Բաց աստի, Պէզճեան Մայր վարժարանէն, Թոփգափուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանէն, Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանէն, Էսաեան վարժարանէն, Եշիլգիւղի վարժարանէն եւ Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանէն աշակերտներ ներգրաւուած պիտի ըլլան սոյն նախաձեռնութեան: