ԿՂԶԻԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՃԱՇ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան նախագահեց Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագին, որու ընթացքին տուաւ օրուան պատգամը։ Օրուան պատարագիչն էր՝ գաւառի համայնքներու տեսուչ Տ. Աւետիս քհնյ. Թապաշեան, որ այս օրերուն կը գտնուի քաղաքիս մէջ։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան։

Ս. Պատարագէն վերջ սարքուեցաւ նախաճաշի սեղան մը, որ ունէր զօրակցութեան հաւաքոյթի մը բնոյթը։ Արդարեւ, այս նախաճաշը կազմակերպուած էր՝ զօրակցութիւն ապահովելու համար Իսքէնտէրունի Ս. Քառասուն Մանկանց եկեղեցւոյ վերանորոգութեան նախաձեռնութեան։ Մօտաւոր անցեալի աւերիչ երկրաշարժէն լրջօրէն տուժած այս սրբավայրը ներկայիս անգործածելի վիճակի մէջ է։ Վերանորոգութեան համար թէեւ պաշտօնական թոյլտուութիւնները ապահովուած են, սակայն, այս պահու դրութեամբ, բաւարար միջոցներ գոյութիւն չունին՝ նախագիծը կեանքի կոչելու համար։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ, երէկուան զօրակցութեան նախաճաշի նպատակն էր՝ համայնքին ուշադրութիւնը հրաւիրել այս անյետաձգելի գործին վրայ։ «Այսօր տէր կանգնինք, որպէսզի վաղը հպարտանանք» կարգախօսով կազմակերպուած հաւաքոյթի ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը կոչ ուղղեց, որպէսզի համայնքը զօրակցութեան առարկայ դարձնէ Իսքէնտէրունի Ս. Քառասուն Մանկանց եկեղեցին, որպէսզի ան կարենայ հաւատացեալներուն առջեւ վերստին բանալ իր դռները։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 3, 2026