ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՔԱՅԼԱՐՇԱՒ

Շաբաթավերջին, Գնալը կղզիի մէջ տեղի ունեցաւ՝ Շիշլի մարզակումբին կողմէ կազմակերպուած քայլարշաւը, որ վերջին տարիներուն դարձած է աւանդական։ Ըստ ձեւաւորուած նախընթացին՝ համայնքային զանազան կառոյցներու ընտրեալ վարիչները մասնակցեցան այս քայլարշաւին, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ խանդավառ մթնոլորտ։ Ծրագրին ներկայութիւն բերաւ նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ս. արքեպիսկոպոս Մաշալեան, որ գնահատեց կազմակերպիչներն ու մասնակիցները։

Քայլարշաւի ծիրէն ներս կատարուեցաւ Գնալը կղզիի շուրջբոլորը, եզրափակիչ փուլին մասնակիցներուն բոլորը համախմբուեցան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ համալիրէն ներս, ուր սարքուեցաւ նախաճաշի սեղան մը։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 3, 2026