ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊԷՇԻԿԹԱՇԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Կարօ Վարժապետեանն ու գործակից ընկերները։ Ներկայ էին նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր աւ. քհնյ. Տամատեան եւ թաղի հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Սարգիս աւ. քհնյ. Գույումճեան։

Նկատի ունենալով, որ Ամենայն Սրբոց տօնը ընդունուած է՝ որպէս Պէշիկթաշի եկեղեցւոյ ուխտի օրը՝ թաղականները Գումգաբու փութացած էին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութիւնը ստանալու եւ խորհրդակցութիւն մը ունենալու համար։ Նորին Ամենապատուութինը թարմ տեղեկութիւններ քաղեց թաղային խորհուրդի ընթացիկ գործունէութեան շուրջ եւ իրեն ներկայացուած տեղեկութիւններու լոյսին տակ արտայայտեց գնահատանքը։ Ան յաջողութեան եւ կարողութեան մաղթանքներ յղեց թաղային խորհուրդի անդամներուն, որոնց փոխանցեց իր հայրական օրհնութիւնները՝ մեր այս պատմական թաղի եկեղեցւոյ կանթեղը վառ պահելու պայքարի ճանապարհին։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 3, 2026