ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «ՅՈՅՍ»Ի ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց «Յոյս» միութեան ներկայացուցիչները՝ ուղեկցութեամբ Մայր Գայիանէ Տուլքատիրեանի։ Մարդասիրական զգայնութիւններու հետամուտ շարժումէ մը ծնունդ առած այս միութիւնը գործունէութիւնը կը կեդրոնացնէ՝ յատուկ խնամքի կարօտ անձերու եւ անոնց ընտանիքներու աջակցութեան վրայ։ Երէկուան հանդիպման ընթացքին միութեան ներկայացուցիչները տեղեկացուցին, որ վարչութենէ ներս տեղի ունեցած է նոր դերաբաժանում մը։ Այս ամբողջին մէջ ատենապետի դերը ստանձնած է Յովհաննէս Սիւյլիւնօղլու։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ողջունեց «Յոյս»ի ներկայացուցիչները եւ ուրախութիւն յայտնեց անոնց կողմէ ներկայացուած վերջին տեղեկութիւններու լոյսին տակ։ Արդարեւ, այս միութիւնը թափ հաւաքած է հաստատութենական մտայնութեամբ գործունէութիւն յառաջ տանելու ճանապարհին։ Միութեան օրակարգի եւ գործունէութեան առաջնահերթութիւններուն շուրջ զրոյցի ընթացքին շօշափուեցան զանազան նիւթեր։ Հուսկ, Նորին Ամենապատուութիւնը «Յոյս»ի ներկայացուցիչներուն փոխանցեց իր օրհնութիւններն ու կարողութեան մաղթանքները։