ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԳՈՒՄԱՐՈՒԵՑԱՒ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ
Կեդրոնական սանուց միութեան մէջ վերջին օրերուն գումարուեցաւ ընդհանուր ժողով, որու արդիւնքով պաշտօնի կոչուեցաւ նոր վարչութիւն մը։ Հերթական համագումարի դիւանը գլխաւորեց Առէն Տատըրօղլու։ Միութեան բազմամեայ ատենապետ Գէորգ Սիմքէշեան համագումարի ընթացքին հանդէս եկաւ ելոյթով մը։ Ըստ օրակարգին՝ նախորդ շրջանի գործունէութեան վերաբերեալ տեղեկագրերը ընթերցուեցան եւ վաւերացուեցան համագումարի մասնակիցներուն կողմէ։
Յառաջիկայ շրջանին Կեդրոնական սանուց միութեան ղեկը պիտի ստանձնէ նոր վարչութիւն մը, որուն մաս կը կազմեն հետեւեալները.
Տայք Տանձիկ, Տայք Միսիսօղլու, Կարօտ Արծիւեան, Մասիս Թաշը, Արսէն Էօզքալայ, Արիանա Սվասլըօղլու եւ Արթուն Արծիւեան։
Ընդհանուր ժողովին ներկայ էր նաեւ Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ եւ Կեդրոնական վարժարանի խնամակալութեան ատենապետ Մկրտիչ Արծիւեան։