ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ԵՂԱՆԱԿԻ ՓԱԿՈՒՄ

Եշիլգիւղի եկեղեցւոյ Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ դպրաց դաս-երգչախումբը աւանդական արարողութիւններով փակեց 2025-2026 շրջանը։ Այս առթիւ սարքուեցաւ բացօթեայ սիրոյ սեղան մը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ ընտանեկան անմիջական մթնոլորտ։ Սեղանը օրհնեց դպրաց դասու նախագահ Տ. Նաթան քհնյ. Արապեան։

Յաջորդած կիրակի օրը, թաղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց եւ քարոզեց Տ. Եղիշէ վրդ. Ուչքունեան։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Նաթան քհնյ. Արապեան եւ Տ. Ոսկի քհնյ. Սարգիսեան։ Ս. Պատարագի աւարտին հոգեհանգստեան պաշտօնով վերյիշուեցան դպրաց դասու հանգուցեալ հիմնադիրները, նախագահները, դպրապետները, վարչայինները, երաժշտապետները, անդամներն ու սատարողները։

Ս. Պատարագին յաջորդած սիրոյ սեղանին ժամանակ երգչախումբի անդամներուն միացան՝ Եշիլգիւղի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Արա Էրոլ Չընար եւ գործակից ընկերները, վարժարանի տնօրէնուհի Տիլարա Շապճեան եւ թաղի յարակից մարմիններու ներկայացուցիչներ։

Երեքշաբթի, Յունիս 30, 2026