Չորեքշաբթի 30, Սեպտեմբեր 2026
ԱՄԵՆ. ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԷՅԻՒՊԻ Ս. ԵՂԻԱ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան նախընթաց օր ընդունեց Էյիւպի Ս. Եղիա եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Արտա Մխճեանն ու գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Շնորհք վրդ. Տօնիկեան։ Հարկ է նշել, որ այս թաղային խորհուրդէն ներս վերջերս տեղի ունեցած է ատենապետի փոփոխութիւն։ Այժմ թաղային խորհուրդը կը գլխաւորէ Արտա Մխճեան, որ արժէքաւոր համայնքային գործիչ մըն է եւ իր հայրն ալ՝ լուսահոգի Գրիգոր Մխճեան եղած է այս թաղի երբեմնի նուիրեալներէն։ Նոր ատենապետի եւ գործակիցներու հետ զրուցելու ժամանակ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը վերահասու դարձաւ, որ Ս. Եղիա եկեղեցւոյ պարագային անհրաժեշտ է ընդհանուր վերանորոգութիւն մը։ Թաղականները տեղեկութիւններ փոխանցեցին այս ծրագրին կապակցութեամբ։
Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 30, 2026