Տ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՌԱՆՏՈՌԻ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԸ

Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան, որ այս շրջանին Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս կը գտնուի, այցելութիւն մը տուաւ Ֆիլատելֆիոյ մերձակայ Ռանտոռի Հայ քոյրերու վարժարանը։ Ինչպէս ծանօթ է, հայր սուրբը շաբաթավերջին մասնակցած էր տեղւոյն Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Արմաշ քհնյ. Պաղտասարեանի ձեռնադրութեան տասնամեայ յոբելեանի գոհաբանական Ս. Պատարագին։ Նախկին պոլսահայ տէր հայրը Ռանտոռի Հայ քոյրերու վարժարան տրուած այցելութեան ընթացքին ալ ընկերացաւ Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեանին։ Ներկայ էին նաեւ յայտնի ազգային գործիչ ու բարերարներ՝ Հերման եւ Շուշիկ Խնդիրեանները։ Հարկ է նշել, որ այս մէկը ամբողջ Ֆիլատելֆիոյ շրջանի միակ հայկական ամէնօրեայ վարժարանն է։ 

Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան դպրոցէն ներս դիմաւորուեցաւ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ՝ գլխաւորութեամբ քոյր Էմմայի։ Վարժարանի համալիրէն ներս կատարուեցաւ շրջայց մը՝ մինչ բոլորը ուխտի աղօթք մը կատարեցին դպրոցի փոքր մատրան մէջ։ Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան եւ հիւրերը առիթն ունեցան այցելելու դասարանները եւ հանդիպելու աշակերտներուն, նաեւ կրթական մշակներուն հետ։

Այցելութեան աւարտին քոյրերը հիւրասիրեցին հայր սուրբն ու ընկերակիցները՝ շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց կողմէ ցուցաբերուած ուշադրութեան համար։ Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան եւ ընկերակիցները խորին շնորհակալութիւն յայտնեցին վարժարանէն ներս իրենց նկատմամբ ցուցաբերուած ջերմ վերաբերմունքին համար։ Անոնք մաղթեցին, որ դպրոցի առաքելութիւնը շարունակուի անխափան եւ միշտ արձանագրուին նորանոր ձեռքբերումներ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 30, 2026