ԳՈՒՐՈՒՉԷՇՄԷԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏԱՐԵԿԱՆ ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆԸ

Երէկ, Երեւման Ս. Խաչի տօնը աւանդական շուքով նշուեցաւ Գուրուչէշմէի համանուն եկեղեցւոյ մէջ։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան նախագահեց կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն։ Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութիւնը համախմբեց հոծ թիւով հաւատացեալներ։

Առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ լեցուն էր եկեղեցին, ուր պատարագեց Տ. Յովակիմ վրդ. Սերովբեան։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Եղիշէ վրդ. Ուչքունեան եւ Տ. Զատիկ վրդ. Պապիկեան։ Երգեցողութիւնները կատարուցան Կոմիտաս դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Հրաչ Օհանեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Արթիւր Պաղտասարեանի։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որ տուաւ օրուան պատգամը, դպրութեան չորս աստիճաններ շնորհեց՝ Հրանդ Քարահանին եւ Կարօ Սարաֆին։ Միեւնոյն ժամանակ, Ս. Պատարագի ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը օրհնութեան գիր մը շնորհեց Գուրուչէշմէի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Քուզիքօղլուին՝ գնահատելով այս վերջնոյն բազմամեայ համայնքային ծառայութիւնը։

Ս. Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն եւ տեղի ունեցաւ մատաղի օրհնութիւն։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, եկեղեցւոյ յարակից «Կոմիտաս» սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Աշխարհիկ հանդիսութեան եւս նախագահեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։ Ատենապետ Լեւոն Քուզիքօղլուի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց բոլոր ներկաները, որոնց շարքին էին նախկին թաղեցիներ, համայնքային զանազան մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ բազմաթիւ հիւրեր։

Երկուշաբթի, Մայիս 4, 2026