ՊԷԶՃԵԱՆ ՄԱՅՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔԸ

Երէկ, Գումգաբուի ընտանիքը բացառիկ ոգեւորութիւն ապրեցաւ՝ Պէզճեան Մայր վարժարանի շրջանաւարտից տարեկան հաւաքին առթիւ: Պէզճեանցիներու օրը բնորոշուեցաւ աւանդական խանդավառութեամբ՝ քանի սերունդներու տողանցքը Գումգաբուի մէջ այս տարի եւս պսակուեցաւ յաջողութեամբ: Բաժակի օրերու շղթային վրայ եկաւ աւելնալ նոր օղակ մը, որով Գումգաբուի ընտանիքը ամրապնդուեցաւ՝ վարժարանի առաքելութիւնը յարատեւ պահելու գիտակցութեան եւ ջանքերուն մէջ: 

Առաւօտուն, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր աւ. քահանայ Տամատեան Ս. Պատարագ մատոյց Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուր համախմբուեցան Պէզճեան Մայր վարժարանի սաները, որոնք յաջորդած հոգեհանգստեան պաշտօնին ընթացքին առ Աստուած աղօթք բարձրացուցին՝ դպրոցի բոլոր հիմանդիրներուն, հանգուցեալ տնօրէններուն, կրթական մշակներուն, սատարողներուն, սաներուն եւ անոր շեմէն անցած բոլորին համար: 

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, յարակից «Պէզճեան» սրահին մէջ, շրջանաւարտից օրը շարունակուեցաւ՝ սիրոյ սեղանի մը ձեւաչափին մէջ: Գումգաբուի ընտանիքի պատասխանատուները ջերմօրէն շրջապատեցին Մայր վարժարանի զանազան սերունդներէ շրջանաւարտները, որոնք զիրար անգամ մը եւս վերագտնելու արդար ուրախութիւնն ու հպարտութիւնը կ՚ապրէին: Տնօրէնուհի Քլոտիա Տեմիր ողջոյնի խօսք մը արտասանեց՝ ընդգծելով, որ Պէզճեանի շրջանաւատրից հաւաքը կու գայ ցոլացնել հաստատութեան խոր աւանդութիւնները, որոնց ապագայի ճանապարհին արժեւորումը անփոխարինելի ազդակ մըն է հաստատութեան յարատեւման տեսակէտէ: 

Ձեռնարկի ընթացքին առանձնապէս բարձր տրամադրութեան մէջ էին յոբելեար շրջանաւարտները, որոնք 50, 40, 25 եւ 15 տարի առաջ վկայուած էին Պէզճեան Մայր վարժարանէն: Յոբելեար բոլոր շրջանաւարտները ջերմ վերաբերմունքի առարկայ դարձան եւ ստացան յուշանուէրներ: Բաժակի պահուն բոլորի հասարակաց մաղթանքն էր Պէզճեան Մայր վարժարանի առաքելութեան յարատեւութիւնը: 

Գեղարուեստական բաժնին մէջ հանդէս եկան դպրոցի աշակերտները, որոնք իրենց յաջող ելոյթներով արժանացան ծափահարութիւններու:

Եզրափակիչ փուլին, «Պէզճեան» սրահի երդիքին տակ շրջանաւարտից հանդէսի բոլոր մասնակիցները հաւաքաբար նկարահանուեցան՝ այժմէն ժամադրուելով յաջորդ տարուայ հաւաքին համար:

Երկուշաբթի, Մայիս 4, 2026