ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ «ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ԴՊՐՈՑԷՆ ՆԵՐՍ ՆԿԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԴԱՍԵՐՈՒ ՆԿԱՏԵԼԻ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆ

Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցին մէջ 2025-2026 կրթական շրջանը կը մօտենայ իր աւարտին: Այս տարուան երկրորդ եռամսեան բնորոշուեցաւ՝ վարժարանէն ներս նկարչութեան դասերու աշխուժացմամբ: Արդարեւ, այս եռամսեային մեր համայնքէն Ճուլիա Փոլատ կամաւոր ձեւով սկսաւ ուսուցչագործել դպրոցէն ներս: Թէեւ մինչ այդ ալ նկարչութեան դասերը տեղի կ՚ունենային, սակայն, մասնագէտի մը վերահսկողութեամբ դասաւանդութիւնները բոլորովին նոր յաջողութիւններու գետին պատրաստեցին: Նկարչութեան ուսուցչուհի Ճուլիա Փոլատ վերջերս զանազան դասարաններէ աշակերտներու հետ արժեւորեց՝ անցեալ շրջանի ծաւալուած աշխատանքի ընդհանուր արդիւնքները: Ան գնահատեց աշակերտներու ստեղծագործական ոգին՝ յորդորելով, որ կեանքի տեւողութեան արուեստի ճիւղերուն հետ չխզեն իրենց կապը, ինչ որ միշտ ներշնչումներու առիթ կրնայ դառնալ: 

Հինգշաբթի, Յունիս 4, 2026