ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆՑԻՆԵՐԸ ԱԽՈՅԵԱՆ

Կեդրոնական վարժարանի վոլէյպոլի աղջկանց խումբը հանդիսացաւ Պէյօղլուի գաւառակի ախոյեանը։ Կեդրոնականցիները միջոցէ մը ի վեր գաւառակի մէջ կազմակերպուած այս մրցաշարքին գծով արդէն յաղթարշաւի մէջ էին։ Եզրափակիչ փուլին անոնք առաւելութեան հասան նաեւ «Իսթանպուլ Աթաթիւրք Անատոլու» լիսէի խումբին դիմաց։ Այսպէսով, Կեդրոնական վարժարանը դարձաւ Պէյօղլուի գաւառակի ախոյեանը։

Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք կեդրոնականցի մարզիկները եւ նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք։

Հինգշաբթի, Յունիս 4, 2026