ՀԱՆԳՈՒՑԵԱԼ ՍՕՆԱ ԼԱԶՕՂԼՈՒԻ ՓԱՌԱՇՈՒՔ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ՝ Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Երէկ, Պէյօղլուի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ՝ նորոգ հանգուցեալ Սօնա Լազօղլուի յուղարկաւորութիւնը, որ համախմբեց համայնքային շրջանակներէն հոծ թիւով դէմքեր: Ողբացեալ Սօնա Լազօղլու, որ մեր համայնքի երէց սերունդի վառ ներկայացուցիչներէն մին էր, վերջին օրերուն կնքած էր իր մահկանացուն՝ խոր սուգի մատնելով իր ընտանիքն ու հարազատները, նաեւ մեծ վիշտ պատճառելով իր սիրելիներու շրջանակին: Ան համատարած յարգանք ու համակրանք կը վայելէր մեր համայնքէն ներս եւ իր վերջին հրաժեշտն ալ տեղի ունեցաւ համապատասխան մթնոլորտի մէջ: 

Արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան, որ վշտակցութիւն յայտնեց հանգուցեալի որդւոյն՝ տքթ. Արէտ Լազօղլուին եւ բոլոր հարազատներուն, որոնք մօր կորուստի ծանր պահուն սուգի մատնուած էին: Փառաշուք յուղարկաւորութեան հանդիսապետեց Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան, որ խօսեցաւ նաեւ դամբանական մը: Լուսահոգի Սօնա Լազօղլուի դագաղը զետեղուած էր լուսաշող տաճարի ճիշդ կեդրոնը, մահաբեմին վրայ, որու շուրջ բոլորը առ Աստուած աղօթք բարձրացուցին՝ անոր յաւիտենական նենջի խաղաղութեան համար: Եկեղեցին լեցուցած յուղարկաւորները յարգանքով եւ յուզումնախառն զգացումներով խոնարհեցան անոր բարոյական ներկայութեան առջեւ: 

Յուղարկաւորութեան աւարտին նորոգ հանգուցեալ Սօնա Լազօղլուի մարմինը փոխադրուեցաւ Շիշլիի գերեզմանատունը, ուր ամփոփուեցաւ ընտանեկան դամբարանին մէջ: 

Այս տխուր առթիւ անգամ մը եւս մեր խորազգած վշտակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալի որդւոյն՝ մեր սիրելի բարեկամ տքթ. Արէտ Լազօղլուին եւ համայն պարագաներուն: 

Հինգշաբթի, Յունիս 4, 2026