ՓՈՔՐԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԿՐԹՈՒԹԻՒՆԸ

Պոլսահայ կրթական համակարգէն խումբ մը ներկայացուցիչներ, այս օրերուն մասնակցութիւն կը բերեն «Փոքրամասնութիւններու առումով կրթութիւն» խորագրեալ մասնագիտական հաւաքոյթի մը, որ տեղի կ՚ունենայ Գերմանիա-Դանիա սահմանին վրայ: Փոքրամասնութիւն-մասնագիտութիւն-ցանց եռոտանիին վրայ նախատեսուած՝ վեցօրեայ մասնագիտական հաւաք մըն է այս մէկը: Ծրագրի պատասխանատուներու շարքին է՝ «Քատիր Հաս» համալսարանէն փրոֆ. Օլկուն Աքպուլութ: Այս վերջինիս առաջնորդութեամբ յառաջ տարուած նախաձեռնութեան մասնակցութիւն բերին պոլսահայ կրթական համակարգի ներկայացուցիչները: Հարկ է նշել, որ անցեալ տարի ալ մեր համայնքէն մասնակցութիւն բերուած էր՝ այս ձեւաչափով կազմակերպուած մասնագիտական հաւաքին, որու շրջանակներէն ներս միշտ ուշադրութեան առարկայ կը դարձուին Թուրքիոյ փոքրամասնութիւնները: 

Այս տարուան քննարկումներուն կը մասնակցին՝ Մարալ Սաթար, Ժպտուն Զուռնաճը, Տիանա Եանարտաղ, Լեռնա Էօզտեմիր, Թարա Տեմիրճիօղլու, Եղիա Աքկիւն, Առէն Տատըրօղլու եւ Արաս Ճելալ: Անցեալ տարուան նման, այս տարուան քննարկումներուն բերուած մասնակցութիւնն ալ բացառիկ նշանակութիւն ունեցաւ մեր համայնքի մասնագէտներուն տեսակէտէ: Անոնք Սանքելմարքի ակադեմական կեդրոնէն ներս մասնակցեցան քննարկումներուն, հետեւեցան զեկուցումներու եւ, իրենց հերթին, անոնք ալ ներկայացուցին զեկուցում մը: Գերմանիոյ հիւսիսի եւ Դանիոյ հարաւի տարածաշրջանի փոքրամասնութիւններու փորձառութիւնը խոշորացոյցի տակ բերելով եւ մեկնակէտի վերածելով կը կազմակերպուին այս ծաւալուն քննարկումները: Եւրոպայի բոլոր շրջաններէն մասնակիցներ ունի հաւաքը, որու ժամանակ շրջանի փոքրամասնութիւններու կացութիւնը կը դիտարկուի մանրամասնօրէն՝ ո՛չ միայն կառոյցներու մակարդակով, այլեւ անհատ գործիչներու ներգրաւմամբ: 

2020 թուականէն ի վեր այս ծրագիրը ընթացքի մէջ է: Փոքրամասնութիւն-մասնագիտութիւն-ցանց եռոտանիի կիզակէտով ուշադրութեան առարկայ կը դարձուին նաեւ, Եւրոպայէ ներս փոքրամասնութիւններու եւ մեծամասնութիւններու կամրջման վերաբերեալ խնդիրները: 

Հաւաքի մասնագիտական նիստերու ընթացքին խոշորացոյցի տակ առնուեցան զանազան նիւթեր. օրինակ՝ կրթութիւնն ու փոքրամասնութիւններու կացութիւնը, գործնականին մէջ փոքրամասնութիւններու պարագային կրթութիւնը, կրթական փոխանակումները եւ այլն: 

Հաշուի առնելով, որ Թուրքիան ալ փոքրամասնութիւններու տեսակէտէ բաւական խայտաբղէտ պատկեր մը կը պարզէ՝ երկրի փորձառութիւնը առանձնապէս ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ Եւրոպայի հարթութեան վրայ: Այս համաժողովին ժամանակ Թուրքիայէն զանազան փոքրամասնական հաւաքականութիւններու պարագաները ուսումնասիրութեան առարկայ դարձուած են՝ ներառեալ հայերը: 

Պոլսահայ կրթական համակարգի ներկայացուցիչները տեսական քննարկումներէն վերջ կ՚այցելեն նաեւ զանազան վարժարաններ՝ վերոյիշեալ տարածաշրջանէն ներս: Այս փուլին անոնք տեղւոյն վրայ ականատես կ՚ըլլան աշխատանքային մտայնութեան, գործնական հանգամանքներու եւ անոնց հաւանական արժեւորման հնարաւորութիւնները կը քննարկեն՝ պոլսահայ իրականութեան պայմաններով: 

Հինգշաբթի, Յունիս 4, 2026