ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ԴՐՍԻ Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ ՊԻՏԻ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒԻ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու՝ Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետուհի Նազլը Տանաճըօղլուն, որուն կ՚ընկերանային ճարտարապետ Նազար Պինաթլը, թաղային խորհուրդի նախկին ատենապետ Առուշ Թաշ եւ այժմու կազմէն Արիֆ Քափլան: Հարկ է նշել, որ Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցին վերջին շրջանին հիմնական վերանորոգութեան եւ բարեկարգման աշխատանքներու ենթարկուած է: Ծրագիրը արդէն հասած է աւարտին եւ այս շաբաթավերջին նախատեսուած է օծման եւ պաշտամունքի վերաբացման արարողութիւնը:
Թաղային խորհուրդը այս փուլին փափաքած է հանրային կարծիքը լուսաբանել՝ ձեռնարկուած աշխատանքներուն կապակցութեամբ: Արդարեւ, Նազար Պինաթլըի վերահսկողութեան ներքեւ այս ծրագրի մասնագիտական երեսակը յաջողութեամբ ի կատար ածուած է: Թաղային խորհուրդն ալ բոլոր հնարաւորութիւնները ի գործ դրած է, որպէսզի եկեղեցին բարեկարգուի պատմական դիմագիծով եւ ժամ առաջ պաշտամունքի վերաբացուի՝ որպէս մեր համայնքի հաւատացեալներուն տեսակէտէ այնքան սրտամօտիկ սրբավայր մը, որ կը համարուի աւանդաբար «Ձկնորսներու եկեղեցին»: Անշուշտ, այս փուլին խնդրոյ առարկայ են նիւթական կարիքներ, որոնք ժամանակի ընթացքին պիտի դիմագրաւուին թաղային խորհուրդի ջանքերով: Ատենապետուհի Նազլը Տանաճըօղլու երէկուան զրոյցի ընթացքին նշեց, որ թաղային խորհուրդը լիայոյս է, թէ համայնքային շրջանակները զօրակցութիւն պիտի ցուցաբերեն, որպէսզի այս վերանորոգութեան աշխատանքներու պիւտճէն ամբողջապէս հաւասարակշռուի:
Ատենապետուհի Նազլը Տանաճըօղլու զրոյցի ընթացքին ընդգծեց, որ Նազար Պինաթլը այս ծրագրին մէջ դեր ստանձնած է՝ թէ՛ որպէս մասնագէտ եւ թէ որպէս նուիրատու, որովհետեւ բերած է նաեւ իր նիւթական աջակցութիւնը։ Միեւնոյն ժամանակ, ան շնորհակալութիւն յայտնեց համայնքային այն բոլոր հաստատութիւններուն, որոնք եւս, իրենց հերթին, զօրակցութեան առարկայ դարձուցած են Գումգաբուի Դրսի եկեղեցին։