ԱՍՄՈՒՆՔԻ ԹԱԳՈՒՀԻ ՍԻԼՎԱ ԿՈՄԻԿԵԱՆԻ ՀԱՄԱՐ ՄԵԾԱՐԱՆՔԻ ՓԱՅԼՈՒՆ ԵՐԵԿՈՅԹ
Երէկ երեկոյեան, Պէյօղլուի «Աթլաս» շարժանկարի դահլիճը ամբողջութեամբ լեցուած էր հայ գրականութեան համակիրներով, որոնք փութացած էին մասնակցելու՝ ասմունքի թագուհի Սիլվա Կոմիկեանի ի պատիւ կազմակերպուած մեծարանքի երեկոյթին։ Ձեռնարկը հովանաւորեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան։ Կազմակերպչական աշխատանքները յառաջ տարուած էին Պատրիարքական Աթոռին կողմէ, ծրագրին զօրակցած էր նաեւ Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը։
Սիլվա Կոմիկեան տասնամեակներէ ի վեր եղած է պոլսահայ մշակութային կեանքի մղիչ ուժերէն մին։ Ան հայ գրականութեան դասական կամ արդի հեղինակներու ստեղծագործութիւնները ասմունքած է ուրոյն ոճով եւ իր մատուցելու ձեւը արդէն քանի մը սերունդի համար պայմանաւորած է ընկալման ձեւ մը։ Սիլվա Կոմիկեան իսկապէս մեծ երախտաւոր մըն է հայ մշակոյթի ծառայութեան տեսակէտէ եւ ցարդ ամենաբարձր մակարդակի վրայ գնահատուած է՝ իր անկրկնելի տաղանդով։ Յամենայնդէպս, համայնքային շրջականերուն եւ հայ գրականութեան համակիրներուն տեսակէտէ պատեհ առիթ մըն էր երէկուան երեկոյթը, որովհետեւ Սիլվա Կոմիկեանի վաստակը այնպիսի բնոյթ մը ունի, որ պարբերաբար իրեն նկատմամբ յարգանքի եւ համակրանքի թարմացումը արդէն կրկնութիւն չի համարուիր։
Երէկուան ձեռնարկի յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ ուսուցչուհի Թամար Մանկասարի։ Յայտագրի սկիզբին ներկայացուեցաւ տեսանիւթ մը, որով բոլորը հաղորդ դարձան Սիլվա Կոմիկեանի կեանքին ու գործունէութեան։ Աւելի վերջ իրերայաջորդ ներկայացուեցան երաժշտական կատարումներ եւ արտասանութիւններ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ հուսկ բանքին մէջ բարձր գնահատեց Սիլվա Կոմիկեանը՝ յիշեցնելով, որ ան անցեալին մէջ մետայլով մըն ալ պարգեւատրուած է Պատրիարքական Աթոռին կողմէ։ Նորին Ամենապատուութիւնը յուշանուէր մըն ալ յանձնեց մեծարեալին։
Որպէս մեծարեալ՝ Սիլվա Կոմիկեանն ալ երեկոյթի ընթացքին հանդէս եկաւ սրտի խօսքով մը, որով արժանացաւ բուռն ծափահարութիւններու։
Երէկուան ձեռնարկի ներկաներու շարքին էին պոլսահայ հոգեւորականաց դասու անդամները, Հանրապետութեան նախագահութեան մշակոյթի քաղաքականութիւններու խորհուրդի անդամներէն Արամ Քուրան եւ հոծ թիւով հայ գրականութեան համակիրներ, որոնք ջերմօրէն շրջապատեցին Սիլվա Կոմիկեանն ու հարազատները, որոնք երախտագիտութեան դրսեւորումներուն դիմաց ունեցան յուզումնախառն ապրումներ։
*
Ծ.Խ.- Սիլվա Կոմիկեանի մեծարանքի հանդիսութիւնը, անշուշտ, եղած է շատ տեղին որոշում մը։ Դրական այս մտայղացումը, սակայն, ըստ երեւոյթին՝ մեծարեալի վաստակին ու գործունէութեան ոլորտին հարիւր տոկոսով յարիր ձեւով չէ եղած։ Երէկուան յայտագիրը Սիլվա Կոմիկեանի վաստակը արժեւորելէ անդին՝ երաժշտական տեսակէտէ չափազանց ծանրաբեռնուածութեամբ միջոցառում մը եղած է, ինչ որ Սիլվա Կոմիկեանի գործունէութիւն ծաւալած գրական եւ կրթական բնագաւառները որոշ չափով ստուերի տակ թողած է։ Դառն իրողութիւնը այն է, որ պոլսահայ կեանքէն ներս այսօր ներուժը, մարդուժը չափազանց սահմանափակ է եւ այս իրավիճակին մէջ Սիլվա Կոմիկեանին համար կատարուած է միայն հնարաւորը։ Սա տրամաբանական է, սակայն, երկարաժամկէտ առումով կրնայ համարուիլ անարդար, որովհետեւ Սիլվա Կոմիկեան տասնամեակներ շարունակ եղած է կատարելապաշտ մը, սակայն, իր մեծարանքի հանդիսութիւնը համեստ մարդուժով կազմակերպուած ձեռնարկի մը սահմաններուն մէջ մնացած է։
Յամենայնդէպս, Սիլվա Կոմիկեան տասնամեակներ շարունակ «ասմունքի թագուհի»ի առաքելութիւնը տարած է ամենայն համեստութեամբ եւ այսօր մենք ալ հերթական անգամ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք զինքը՝ մաղթելով բազում արեւշատ տարիներ։
