ԳՆԱԼԸԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒԵՑԱՒ «ՏԵՂԱՑԻ ԱՆՀԱՅՐԵՆԻՔԸ» ԺԱՊԱՒԷՆԸ
Երէկ երեկոյեան, Գնալըի բարձունքին ներկայացուեցաւ «Տեղացի անհայրենիքը» փաստավաւերագրական ժապաւէնը, որու հեղինակն է Ռըզա Օյլում։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ դարաւանդին վրայ տեղի ունեցաւ ցուցադրութիւնը, որ համախմբեց կոկիկ թիւով մշակութասէրներ։ Ձեռնարկի պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Սրբազան արքեպիսկոպոս Մաշալեան, որու կողքին էին Տ. Յարութիւն վարդապետ Տամատեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր աւագ քահանայ Տամատեան եւ Տ. Աւետիս քահանայ Թապաշեան։ Ներկաներու շարքին էին նաեւ Սամաթիոյ Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Տավուլճեան եւ Գնալը կղզիի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Շատեան՝ շրջապատուած գործակից ընկերներով։
Երեկոյթի բացման ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Սամաթիոյ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ժրաջան անդամուհիներէն Լիանա Քասափճըլար։ Ապա փաստավաւերագրական ֆիլմը դիտուեցաւ հետաքրքրութեամբ՝ մանաւանդ, որ այնտեղ մատուցուած նիւթը իսկապէս հաւաքական ապրումներու տեսակէտէ յատկանշական է։
Աւարտին, Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը արտասանեց հուսկ բանքը, որու ընթացքին դրուատիքով արտայայտուեցաւ երէկ ցուցադրուած ֆիլմի մէջ դեր առած արուեստագէտներու եւ կազմակերպիչներու մասին։ Նորին Ամենապատուութեան ձեռամբ բեմադրիչին յանձնուեցաւ յուշանուէր մը։
Ձեռնարկի աւարտին Նորին Ամենապատուութիւնը անմիջական զրոյց մըն ալ ունեցաւ Ռըզա Օյլումի հետ՝ մինչ պատուասիրութեան ընթացքին ստեղծուեցաւ անմիջական զրոյցի մթնոլորտ։