ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆԻ ՍԱՆԵՐԷՆ ԷԼԻԶԱՊԷԹ ՆՈՐԱ ՊՈՒՏԱՔԻ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ԲԱՐՁՐ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔԻ ԱՌԱՐԿԱՅ

Կեդրոնական վարժարանի ԺԱ. դասարանի աշակերտուհիներէն Էլիզապէթ Նորա Պուտաք այս շրջանին կարեւոր յաջողութիւն մը արձանագրած է՝ իր շարադրութեամբ, որով մրցոյթի մը դանփեկիրը դարձած է: Այսպէս, Ազգային կրթութեան եւ Գիւղատնտեսութեան եւ անտառներու նախարարութիւններու համագործակցութեամբ կազմակերպուած միջլիսէական մրցոյթին մէջ Պուտաք արձանագրեց փայլուն նուաճում մը: Մրցոյթի նիւթն էր՝ ջուրի օգտագործման արդիւնաւէտութեան ուղղութեամբ արշաւի մը իրականացումը: Էլիզապէթ Նորա Պուտաք այս մրցոյթին մասնակցեցաւ՝ «Կապոյտ ապագայի պահապանները» խորագրեալ շարադրութեամբ: Թէ՛ լեզուի որակով եւ թէ բովանդակութեան խորքով՝ ան եղաւ Իսթանպուլի մէջ առաջին եւ ընդհանրապէս Թուրքիոյ մէջ երկրորդ: 

Մինչ Էլիզապէթ Նորա Պուտաքի այս յաջողութիւնը լայն արձագանգ ստեղծած է, երէկ, Պէյօղլուի գաւառապետ Աթաքան Աթասոյ հիւրընկալեց Կեդրոնական վարժարանի յաջող աշակերտուհին, որուն յղեց շնորհաւորութիւններ: Ընդունելութեան ներկայ էին դափնեկիր աշակերտուհիի ծնողները՝ Կիւլ եւ Մուրատ Պուտաք ամոլը, Կեդրոնական վարժարանի տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան, փոխ-տնօրէն Էօնէր Սերթքայա, ինչպէս նաեւ Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Մկրտիչ Արծիւեան: 

Գաւառապետ Աթասոյ ջերմ վերաբերմունք ցոյց տուաւ Էլիզապէթ Նորա Պուտաքի նկատմամբ: Հանդիպման աւարտին Աթասոյ խոստացաւ այցելել Կեդրոնական վարժարան, միեւնոյն ժամանակ, կոչ ուղղեց, որպէսզի երիտասարդները անպայման գիրք կարդան: 

Չորեքշաբթի, Մայիս 6, 2026