ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ԱՐԴԷՆ ՊԱՏՐԱՍՏ` ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻ ՀԱՄԵՐԳԻՆ
Պէյօղլուի Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբի մանկապատանեկան կազմը այս շաբաթավերջին հանդէս պիտի գայ համերգով մը՝ «Խաղաղութեան ձայներ» կարգախօսով։ Երէկ երեկոյեան, Գարակէօզեան տան համալիրէն ներս, «Նատիա եւ Տիգրան Կիւլմէզկիլ» աշխատանոցի երդիքին տակ երգչախումբը իրականացուց իր վերջին փորձը՝ խմբավար Շանթ Էսմէրի մականին ներքեւ։ Արի Հերկելի կողմէ գլխաւորուած նուագախումբ մըն ալ պիտի ընկերանայ երգչախումբին՝ շաբաթավերջի համերգին ժամանակ։
Ընդհանուր առմամբ, տղաքը արդէն աւարտած են իրենց պատրաստական աշխատանքը եւ բարձր տրամադրութեամբ կը սպասեն շաբաթավերջի ձեռնարկին։ Երէկուան վերջին փորձին հետեւեցան նաեւ Լուսաւորիչ երգչախումբի երէցներու կազմէն ներկայացուցիչներ, որոնք տղաքը կը խրախուսեն այս փուլին։ Տ. Յարութիւն վարդապետ Տամատեանն ալ անոնց տուաւ իր օրհնութիւնը։
Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբի տնօրէն խորհուրդը կազմակերպչական աշխատանքներն ալ յառաջ տարած է մեծ բծախնդրութեամբ։ Մանկապատանեկան երգչախումբի համերգը նախատեսուած է՝ հովանաւորութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Սրբազան արքեպիսկոպոս Մաշալեանի։