ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան նախագահեց Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած կիրակնօրեայ Ս. Պատարագին, որու ընթացքին տուաւ նաեւ օրուան պատգամը: Քանի արդէն վարժարանները փակուած են եւ կղզեբնակները մեկնած են արձակուրդի՝ եկեղեցին լեցուած էր խուռներամ բազմութեամբ: Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան: Հաւատացեալները ունկնդրեցին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր քարոզին: Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ներսէսեան դպրաց դասուն կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Արթուն սրկ. Թեքիրօղլուի։

Մինչ այդ, Ս. Պատարագի ընթացքին, Կղզեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Շատեանին յանձնուեցաւ՝ Նորին Ամենապատուութեան կողմէ տրուած օրհնութեան գիր մը: 

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան եւ բոլորը բարձր տրամադրութեամբ շրջապատեցին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը:

Երկուշաբթի, Յուլիս 6, 2026