Երեքշաբթի 6, Հոկտեմբեր 2026
ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ՏՕՆԻ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԵԱՆ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան մասնակցեցաւ Գերմանիոյ Ազգային տօնին՝ վերամիաւորման օրուան առթիւ կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութեան, որ տեղի ունեցաւ «Սուիսօթել»ի մէջ։
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը այս առթիւ շնորհաւորութիւններ յղեց Իսթանպուլի մօտ Գերմանիոյ աւագ հիւպատոս տքթ. Ռեճին Կրինպերկերին։ Այս վերջինն ալ ողջունեց Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր մասնակցութիւնը։
Ընդունելութեան ընթացքին Նորին Ամենապատուութեան ընկերացաւ Տ. Ոսկի քհնյ. Սարգիսեան:
Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 6, 2026