ԴԱՐՄԱՆՄԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑ

Ցաւով վերահասու եղանք, որ «Փարոս» ամսագրի գլխաւոր խմբագիր Մայտա Սարիս այս շրջանին կը գտնուի դարմանման տակ: Արդարեւ, Մայտա Սարիս քանի մը օր առաջ դժբախտ արկած մը անցուցած է: Երթեւեկի այս արկածին հետեւանքով ան ունեցած է անկում մը, որու հետեւանքով լուրջ բեկումներ յառաջացած են իր սրունքի պարագային՝ մանաւանդ վնասուած է ծունկը: 

Մայտա Սարիս անմիջապէս փոխադրուած է հիւանդանոց: Ան, փրոֆ. Աքսէլ Սէյյահիի կողմէ վիրահատուած է Ամերիկեան հիւանդանոցին մէջ: 

Կը հաղորդուի, որ գործողութիւնը արդէն անցած է յաջող եւ Մայտա Սարիսի դարմանումը նախատեսուած հունին մէջ կ՚ընթանայ: Շուրջ մէկուկէս ամսուան ապաքինման շրջան մը կը նախատեսուի իր պարագային: 

Արագ ապաքինում եւ կատարեալ առողջութիւն կը մաղթենք մեր սիրելի պաշտօնակցին՝ Մայտա Սարիսին: 

Հինգշաբթի, Մայիս 7, 2026