ՈՉ ԵՒՍ Է ՍՈՓՐԱՆՕ ԱԼԻՍ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է թրքահայ երէց սերունդի տիրական ներկայացուցիչներէն եւ գեղարուեստական աշխարհի վառ դէմքերէն Ալիս Մանուկեան: 93 տարեկան հասակին մահացած է հռչակաւոր սոփրանօ Ալիս Մանուկեան, որ Թուրքիոյ առաջին օփերային արուեստագիտուհին ըլլալու հանգամանքը կը կրէր: Ալիս Մանուկեան երկար տասնամեակներ Պետական օփերայի սիւներէն հանդիսացած էր, միեւնոյն ժամանակ, թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս մղիչ ուժի մը դերը կ՚իրականացնէր՝ քանի համայնքային բազմաթիւ ձեռնարկներու ընթացքին հանդէս եկած էր՝ իր բարձր կարողութիւններով: Ալիս Մանուկեան տասնամեակներ շարունակ իր կուռ ձայնով տպաւորած, կախարդած էր երաժշտասէրները, որոնք համատարած համակրանք կը տածէին իրեն նկատմամբ: Հարկ է յիշեցնել, որ մօտաւոր անցեալին համայնքէն ներս մեծարանքի հանդիսութիւն մը կազմակերպուած էր ի պատիւ Ալիս Մանուկեանին՝ Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեամբ եւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան այդ փուլին մեծ դրուատիքով արտայայտուած էր փորձառու արուեստագիտուհիի կեանքին, գործունէութեան ու վաստակին մասին: 

Այս տխուր առթիւ ցաւակցութիւն կը յայտնենք Ալիս Մանուկեանի համայն ընտանիքին:

Հինգշաբթի, Մայիս 7, 2026