ՊԷԶՃԵԱՆ ՄԱՅՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ ԱՆՄՈՌԱՆԱԼԻ ՁԵՌՆԱՐԿ ՄԸ

Երէկ երեկոյեան, Պէզճեան Մայր վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ՝ Ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի վերաբերեալ ձեռնարկ մը: Գումգաբուի ընտանիքը՝ զօրաշարժի մը համազօր պատրաստութիւններով կազմակերպած էր այս երեկոյթը, որով արձանագրուեցաւ բացառիկ յաջողութիւն: Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Ս. Սահակ արքեպիսկոպոս Մաշալեանի հովանաւորութեամբ տեղի ունեցաւ երեկոյթը, որու ընթացքին Պէզճեան Մայր վարժարանի աշակերտները պանծացուցին Յովհաննէս Թումանեանի յիշատակը՝ այնքան վարպետութեամբ ներկայացնելով անոր ստեղծագործութիւնները:

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր առընթեր ձեռնարկին ներկայ էին Տ. Յարութիւն վարդապետ Տամատեան, Տ. Գասպար աբեղայ Կարապետեան եւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր աւ. քահանայ Տամատեան: Մասնակիցներու շարքին էին Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեան եւ գործակից ընկերները, Մայր վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Ժանէթ Շիրինօղլու, տնօրէնուհի Քլոտիա Տեմիր եւ կրթական մշակներ: 

Մայր վարժարանի պատմական սրահին մէջ բարձր տրամադրութիւն ստեղծուեցաւ այս երեկոյթին առթիւ, որու տեւողութեան տղաքը թատերակներով, արտասանութիւններով եւ խմբերգներով արժանացան ծափահարութիւններու: Յովհաննէս Թումաեանի ոգեկոչման եւ անոր կեանքի ու գործունէութեան շուրջ ամբողջական պատկերացում մը կազմելու տեսակէտէ իսկապէս անանտեսելի մակարդակով կազմակերպուած էր այս երեկոյթը: 

Յայտագրի ամենայատկանշական փուլերէն մին էր՝ Յովհաննէս Թումանեանի թոռնուհիին՝ Իրմա Սաֆրազբէկեանի հետ ցուցադրուած հարցազրոյցը: 

Հարկ է նշել, որ տնօրէնուհի Քլոտիա Տեմիրի վերահսկողութեան ներքեւ կատարուած կազմակերպչական աշխատանքներու շրջանակներէն ներս համագործակցութիւն ծաւալուած էր՝ Յովհաննէս Թումանեանի Երեւանի տուն-թանգարանի տնօրէնութեան եւ Իրմա Սաֆրազբէկեանի հետ: 

Երեկոյթի աւարտին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը արտասանեց հուսկ բանք մը, որու ընթացքին բարձր գնահատանքով արտայայտուեցաւ Գումգաբուի ընտանիքի այս ձեռքբերումի շուրջ:

Հինգշաբթի, Մայիս 7, 2026