ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌԸ ՊԻՏԻ ՆՇԷ Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆԻ ՔԱՀԱՆԱՅԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ 50-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ

Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի հոգեւորականաց դասու երիցագոյն անդամը՝ Տ. Արամ արք. Աթէշեան այս տարի կ՚ողջունէ իր քահանայական ձեռնադրութեան յիսնամեայ յոբելեանը: Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեանի տնօրինութեամբ եւ հովանաւորութեամբ՝ կը նախատեսուի մեծարանքի հանդիսութիւն մը կազմակերպել ի պատիւ Նորին Սրբազնութեան: Նկատի ունենալով, որ Տ. Արամ արք. Աթէշեանի ձեռնադրութեան տարեդարձը կը զուգադիպի ամրան՝ Պատրիարքական Աթոռը յարմար նկատած է յոբելենական հանդիսութիւնները քիչ մը աւելի ուշ կազմակերպել: 

Ըստ մեր ստացած տեղեկութիւններուն՝ Տ. Արամ արք. Աթէշեանի քահանայագործութեան յիսնամեակը պիտի նշուի յառաջիկայ աշնան: Գումգաբուի Սուրբ Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս այս առթիւ նախատեսուած են կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններ: Տ. Արամ արք. Աթէշեան պիտի մատուցանէ գոհաբանական Սուրբ Պատարագ մը եւ կրօնական արարողութիւններուն առընթեր, մշակութային հանդիսութիւն մըն ալ տեղի պիտի ունենայ իր յիսնամեակին առթիւ: Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տնօրինած է, որ թէ՛ եկեղեցական եւ թէ աշխարհիկ արարողութիւնները կազմակերպուին բոլոր պատշաճութիւններու սահմաններուն մէջ: 

Մանրամասնութիւնները տակաւին վերջնականօրէն չեն ձեւաւորուած, բայց, հաւանական է, որ Նորին Սրբազնութեան յոբելեանին առթիւ պատրաստուի նաեւ գրքոյկ մը: 

Այժմէն կը շնորհաւորենք Տ. Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեանի յոբելեանը՝ մաղթելով իրեն արեւշատութիւն եւ քաջառողջութիւն:

Հինգշաբթի, Մայիս 7, 2026