ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՀԱՆԴԷՍԸ ՓԱՅԼՈՒՆ ԱՆՑԱՒ

Եշիլգիւղի վարժարանին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ այս տարուայ շրջանաւարտներու հրաժեշտի հանդէսը, որ պսակուեցաւ փայլուն յաջողութեամբ: Եշիլգիւղի ընտանիքը մեծ խանդավառութեամբ հրաժեշտ տուաւ այս տարուան շրջանաւարտներուն՝ կրթական կեանքէ ներս ապագայ յաջողութիւններու եւ նուաճումներու մաղթանքով: 

Շրջանաւարտութեան հանդէսը տեղի ունեցաւ դպրոցի պարտէզին մէջ, ուր իսկապէս տօնական մթնոլորտ կը տիրէր: Եշիլգիւղի ընտանիքի վարիչները փութացած էին ուրախակից ըլլալու շրջանաւարտներու ընտանիքներուն եւ հիւրերուն, որոնք ներկայ էին հաւաքոյթին: Վարժարանի տնօրէնուհի Տիլարա Շապճեան խանդավառ ելոյթով մը ողջունեց շրջանաւարտները, շնորհաւորեց զանոնք, բարձր գնահատեց իրենց արձանագրած յաջողութիւնները եւ մաղթեց ապագայ ձեռքբերումներ: 

Տղաքը ծափահարութիւններու ներքեւ ստացան իրենց վկայականներն ու յուշանուէրները, իսկ յաջողագոյններուն համար վերապահուած էին մասնաւոր նուէրներ: Հուսկ, անոնք յուզումնախառն մթնոլորտի մը մէջ հրաժեշտ առին իրենց սիրեցեալ վարժարանէն: 

Հանդէսի տեւողութեան խանդավառութիւնը գագաթնակէտին հասաւ, երբ շրջանաւարտները հատեցին իրենց համար պատրաստուած կարկանդակը:

Երեքշաբթի, Յուլիս 7, 2026