Երեքշաբթի 7, Յուլիս 2026
ԿՂԶԻԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ ԱՄՐԱՆ ՇՐՋԱՆԻ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾԱԿԱՆ ԾՐԱԳՐԵՐ
Ամրան շրջանին Գնալը կղզիի մէջ արդէն կ՚աշխուժանայ մշակութային կեանքը: Կղզիի բարձունքին ստեղծագործական ծրագրեր կեանքի կը կոչուին: Կղզեաց տեսուչ Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան կը խրախուսէ այս բոլոր աշխատանքները՝ մանաւանդ, որ անոնք ուղղուած են փոքրիկները, պատանիները եւ ընդհանրապէս նոր սերունդը ներգրաւելու:
Վերջին օրերուն ընթացք առաւ «Խաղ-պար» նախագիծը, որ 4-8 տարեկաններու համար նախատեսուած է: Տղաքը հայերէն երգերու եւ պարերու հաղորդ կը դառնան՝ Այլին Քեշիշօղլուի եւ Թաթիանա Տեմիրի վերահսկողութեան ներքեւ:
Միւս կողմէ, պարուսոյց Յակոբ Կիւլէչի վերահսկողութեան ներքեւ, կղզիի բարձունքին արդէն սկսած են նաեւ հայկական ժողովրդական պարերու աւանդական դասընթացները:

Երեքշաբթի, Յուլիս 7, 2026