ՀԱՆԳՈՒՑԵԱԼ ՍՕՆԱ ԼԱԶՕՂԼՈՒ ՈԳԵԿՈՉՈՒԵՑԱՒ ՄԱՀՈՒԱՆ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ԼՐՄԱՆ ԱՌԹԻՒ

Մեր համայնքի երէց սերունդի վառ ներկայացուցիչներէն նորոգ հանգուցեալ Սօնա Լազօղլու շաբաթավերջին ոգեկոչուեցաւ՝ մահուան քառասնից լրման առթիւ: Անցեալ կիրակի, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած կիրակնօրեայ Ս. Պատարագէն վերջ, հանգուցեալ Սօնա Լազօղլուի յիշատակին հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ՝ հանդիսապետութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արքեպիսկոպոս Մաշալեանի: Արարողութեան ներկայ էին հանգուցեալ Սօնա Լազօղլուիի բոլոր հարազատները՝ գլխաւորու

թեամբ որդւոյն տքթ. Արէտ Լազօղլուի, որ համայանքային շրջանակներէ ներս այնքան համակրանքի եւ յարգանքի արժանացած դէմք մըն է: 

Հոգեհանգստեան պաշտօնի ընթացքին բոլորը աղօթեցին, որպէսզի լուսահոգի Սօնա Լազօղլուի յաւիտենական նենջը ըլլայ խաղաղ: Արարողութեան մասնակիցները հերթական անգամ իրենց խոնարհումը բերին անոր բարոյական ներկայութեան առջեւ: 

Հոգեհանգստեան պաշտօնէն վերջ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ հերթական անգամ ցաւակցեցաւ տքթ. Արէտ Լազօղլուին, մխիթարեց զինքը՝ շեշտելով, որ միշտ աղօթող է հանգուցեալ Սօնա Լազօղլուի հոգւոյն խաղաղութեան համար: 

Երեքշաբթի, Յուլիս 7, 2026