ՄԻՋՄԻՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ ՎԵՐԱՁԵՒԱՒՈՐՈՒԵՑԱՒ
Կը տեղեկանանք, որ պոլսահայ միութիւններու եւ ակումբներու համատեղ հարթակին վրայ հերթի փոփոխութիւն մը ապրուած է վերջերս: Այսպէս, միջմիութենական յանձնախումբը վերաձեւաւորուած է եւ արդէն ունի նոր վարչութիւն մը:
Նոր վարչութիւնը եւ ենթայանձնախումբերը կը ձգտին միջմիութենական միասնականութիւնն ու համագործակցութիւնը ամրապնդել, համատեղ նախաձեռնութիւններ կեանքի կոչել եւ հաստատութիւններու միջեւ հաղորդակցութիւնն ու համակարգումը բարձրացնել: Այս բոլորը կամաւոր ներգրաւածութիւնը պիտի խթանէ եւ շարունակական աշխատանքային դրութիւն մը կ՚ենթադրէ, որպէսզի միասնական աշխատանքը դառնայ աւելի աշխոյժ, արդիւնաւէտ եւ ամուր:
Այս նոր շրջանին խնդրոյ առարկայ պիտի ըլլայ ո՛չ միայն նոր վարչութիւն մը, այլեւ նոր միտք, զօրակցութեան եւ համագործակցութեան հասկացութիւն, ինչ որ միութիւններու գործունէութեան ապագային տեսակէտէ կարեւոր նշանակութիւն ունի: Նոր վարչութիւնն ու ենթայանձնախումբերն ալ այս հասկացութեան զուգահեռ ձեւաւորուած են: Միջմիութենական յանձնախումբի նոր վարչութեան առանցքը կը կազմեն հետեւեալ անունները.
Շուշան Սվասլըօղլու (ատենապետուհի), Ասլին Ուսթա Արամօղլու (փոխ-ատենապետուհի), Լեռնա Փափազեան (փոխ-ատենապետուհի), Մելինա Գույումճեան (ատենադպրուհի):
Շուշան Սվասլըօղլու նոր վարչութեան մէջ պիտի վերահսկէ ելմտական գործերը, կազմակերպչական աշխատանքներու ընդհանուր պատասխանատուն պիտի ըլլայ Ասլին Ուսթա Արամօղլուն, մամուլի եւ հասարակութեան հետ յարաբերութիւնները վստահուած են Ասլին Ալթըքաթօղլուին եւ Լեռնա Փափազեանին:
Միջմիութենական յանձնախումբը տեղեկացուցած է, որ նոր շրջանին ամենայն եռանդով աշխատելու պատրաստակամ է՝ համայնքային կեանքին նոր շունչ մը ապահովելու առաջադրութեամբ: