ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՅՈՒՆԱՑ ՃԱՄԲԱՐԷՆ ՆԵՐՍ ՈԳԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ
Երէկ, Գնալը կղզիի Մեթամորֆոսիս յունաց վանքէն ներս տեղի ունեցաւ Վարդավառի տօնակատարութիւն: Յոյն Ուղղափառ եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն կատարուած այս արարողութիւնը անցաւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ: Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքը նախագահեց տօնակատարութիւններուն, որոնց մասնակցեցաւ նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան: Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն հիւրաբար քաղաքս փութացած՝ Ուղղափառ եկեղեցւոյ ուխատաւորներու խումբ մըն ալ հետեւեցաւ արարողութեան: Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ջերմօրէն ողջագուրուեցաւ տիեզերական պատրիարքին հետ: Նորին Ամենապատուութեան ընկերացաւ Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան:
Վարդավառի տօնակատարութիւնները բնորոշեցին նաեւ Գնալը կղզիի Մեթամորֆոսիս վանքի յարակից ամառնային ճամբարի գործունէութեան սկիզբը: Այնտեղ հիւրընկալուող մանուկներու եւ պատանիներու առաջին խումբը արդէն ստացաւ Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքին օրհնութիւնը:
Ինչպէս ծանօթ է, Գարակէօզեան տան Գնալը կղզիի կազդուրման կայանի փակ մնալուն պատճառով՝ այդ ճամբարէն վերջին տարիներուն կ՚օգտուին նաեւ թրքահայ մանուկներն ու պատանիները: Ուստի, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ հրաւիրուած էր այս տօնակատարութեան: Յունաց ճամբարի տնօրէն Տիմիթրի Քումվոփուլոսի առընթեր, հանդիսութեան հրաւիրուած էր նաեւ մեր համայնքէն Արի Չոլաք, որ հայ մանուկներու եւ պատանիներու ամրան արձակուրդներու կազմակերպչական աշխատանքները կը համակարգէ: