Չորեքշաբթի 13, Մայիս 2026
ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ՍԱՆԵՐ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան հիւրընկալեց Եշիլգիւղի վարժարանի 6-րդ դասարանի աշակերտները, որոնց ընկերացաւ ուսուցչուհի Ժանէթ Զէյֆիեան: Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողքին էին Տ. Նաթան քահանայ Արապեան եւ Տ. Արսէն քահանայ Էքինճեան: Այս այցելութիւնը կազմակերպուած էր, որպէսզի տղաքը աւելի մօտէն ծանօթանան իրենց հոգեւոր կեդրոնին:
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ջերմօրէն ողջունեց աշակերտները, որոնց փոխանցեց իր օրհնութիւնը: Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ Նորին Ամենապատուութիւնը անմիջական զրոյց ունեցաւ աշակերտներուն հետ, որոնք առարկայ դարձուց իր հայրական հոգածութեան:
Գումգաբուէն հրաժեշտ առնելէ առաջ տղաքը այցելեցին նաեւ Պատրիարքարանի թանգարանը՝ Տ. Յովակիմ վրդ. Սերովբեանի ուղեկցութեամբ:
Ուրբաթ, Մայիս 8, 2026