ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՏԵՐԱԿԱՆ ԲԱԺԱԿԻ ՕՐԸ
Շաբաթավերջին, թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս առանցքային իրադարձութիւն էր Էսաեան վարժարանի բաժակի օրը։ Շրջանաւարտից հաւաքը այս տարի եւս բարձր տրամադրութեան մէջ համախմբեց հաստատութեան զանազան սերունդներէ սաները։
Օրուան յայտագիրը սկսաւ Պէյօղլուի «Նարեկեան» սրահին մէջ, ուր այս տարուան յոբելեար շրջանաւարտները ստացան իրենց յուշանուէրները։ Ապա բոլորը համախմբուեցաւ դպրոցի պարտէզին մէջ, ուր ստեղծուեցաւ տօնական մթնոլորտ։ Ճաշասեղաններու շուրջ համախմբուած էսաեանցիները վերանորոգեցին իրենց պաշտելի դպրոցին նկատմամբ երախտագիտական զգացումները, նաեւ միասնաբար վերարծարծեցին այդ հաստատութեան շեմէն անցած ըլլալու հպարտութիւնը։
Վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Լենա Ենիեորկան, լիսէի բաժնի տնօրէնուհի Տենչա Չընար, միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Առլին Եշիլթեփէ ջերմ վերաբերումք ցոյց տուին շրջանաւարտներուն նկատմամբ։ Գործադրուած յայտագրին զուգահեռ՝ հաւաքոյթի մթնոլորտը բնորոշուեցաւ դասընկերներու միջեւ անկեղծ զրոյցով։ Բաժակի պահուն բոլորի մաղթանքն էր՝ դպրոցի անսասանութիւնն ու յարատեւութիւնը։
Միւս կողմէ, երէկ առաւօտ, Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ, կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի աւարտին հոգեհանգստեան պաշտօն տեղի ունեցաւ՝ դպրոցի հիմնադիրներուն, նախկին տնօրէններուն, կրթական մշակներուն, սատարողներուն, սպասաւորներուն եւ բոլոր սաներուն համար։ Արարողութեան հանդիսապետեց եւ քարոզեց Տ. Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեան։ Պատարագիչն էր Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր աւ. քհնյ. Տամատեան, որ դպրոցի շրջանաւարտներէն է։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Յարութիւն վարդապետ Տամատեան։