ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՕՐԸ

Երէկ, Գատըգիւղի ընտանիքը ապրեցաւ խանդավառ օր մը։ Այսպէս, թաղի Արամեան-Ունճեան վարժարանի շրջանաւարտից տարեկան հաւաքը համախմբեց սերունդներու ներկայացուցիչներ։ Առաւօտուն, թաղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի աւարտին հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ՝ դպրոցի հիմնադիրներուն, նախկին տնօրէններուն, կրթական մշակներուն, սատարողներուն, սպասաւորներուն եւ բոլոր սաներուն համար։

Կէսօրուան ժամերուն, օրուան յայտագիրը շարունակուեցաւ Արամեան-Ունճեան վարժարանի համալիրէն ներս։ Զանազան սերունդներէ շրջանաւարտներ՝ զիրար վերստին դպրոցէն ներս վերագտնելու ուրախութիւնը ապրեցան։ Անշուշտ, բացառիկ բարձր տրամադրութեան մէջ էին յոբելեար շրջանաւարտները, որոնք բոլորի ջերմ վերաբերմունքին արժանացան։ Անոնց յանձնուեցան յուշանուէրներ եւ իրենց ներկայացուցիչները հանդէս եկան սրտի խօսքերով։

Գատըգիւղի ընտանիքի վարիչները եւս շրջանաւարտից օրուան առթիւ սարքուած ճաշասեղաններու շուրջ էին։ Անոնք ալ բոլոր արամեանցիները շրջապատեցին ջերմօրէն։ Զանազան սերունդներէ սաներուն տեսակէտէ ուրախառիթ էր վկայել, թէ Արամեան-Ունճեան վարժարանի կրթադաստիարակչական գործունէութիւնը կը շարունակուի նոր համալիրի մը մէջ, որ թաղի արդի պատմութեան ձեռքբերումներու կոթողին վերածուած է։

Օրուան յայտագրի գեղարուեստական բաժնին մէջ ծափահարութիւններու արժանացան դպրոցի աշակերտները, որոնց յաջող ելոյթները խանդավառեցին մթնոլորտը։

Շրջանաւարտից հաւաքի եզրափակիչ փուլին բոլորը յաջորդ տարուան համար ժամադրուեցաւ՝ մաղթելով, որ դպրոցի վերելքը ըլլայ յարատեւ։

Երկուշաբթի, Յունիս 8, 2026