ՍԿԻՒՏԱՐԻ Ս. ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՕԾՈՒԵՑԱՒ ԵՒ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒԵՑԱՒ՝ ՅԵՏ ԲԱՐԵՆՈՐՈԳՄԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒ

Երէկ, Սկիւտարի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ օծման եւ պաշտամունքի վերաբացման արարողութիւն, որուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան, որ խօսեցաւ քարոզ մը։ Սկիւտարի բարձունքի մեր այս սրբավայրը միջոցէ մը ի վեր կ՚ենթարկուէր վերանորոգման եւ բարեզարդման աշխատանքներ, որոնք աւարտին համայնքային շրջանակները ջերմօրէն ողջունեցին անոր դռներուն բացուիլը՝ հաւատացեալներուն առջեւ։ 

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցաւ օծման եւ պաշտամունքի վերաբացման արարողութիւնը, որուն ներկայ գտնուեցան Տ. Արամ արք. Աթէշեան եւ պոլսահայ հոգեւորականաց դասէն անդամներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան՝ գլխաւորութեամբ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր աւ. քհնյ. Տամատեանի։ 

Արարողութիւնը սկսաւ դռնբացէքով, որուն յաջորդեցին նաւակատիքի աղօթքները։ Օծման համար միւռոնաթափ աղաւնին վերաբերուեցաւ եւ Նորին Ամենապատուութիւնն ու Տ. Արամ արք. Աթէշեան օծեցին եկեղեցին՝ ըստ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ծէսին եւ աւանդութիւններուն։ 

Քարոզին մէջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը բարձր գնահատեց տեղւոյն թաղային խորհուրդը՝ եկեղեցւոյ պայծառութեան համար տարուած բծախնդիր աշխատանքին համար։

Օծման աւարտին երեկոյեան կանոնական ժամերգութիւն տեղի ունեցաւ եւ հաւատացեալները հրաժեշտ առին՝ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր արձակման աղօթքով։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Բացօթեայ հաւաքոյթի ընթացքին ստեղծուեցաւ մեծ խանդավառութիւն՝ մինչ բոլոր ներկաները ջերմօրէն հիւրընկալուեցան՝ ատենապետ Ռաֆֆի Գրիգորեանի գլխաւորած թաղային խորհուրդին կողմէ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ձեռամբ, առ ի երախտագիտութիւն յուշանուէրներ յանձնուեցան կարգ մը դէմքերու, որոնք եկեղեցւոյ վերանորոգութեան ծրագրին զօրակցութիւն ապահոված էին։ Այսպէս, յուշանուէրներ յանձնուեցան՝ Սարայլը ընտանիքին, Մկրտիչ Սերթշիմշէքին, Վարուժան Պուլկանին, Կարպիս Սեհերեըլտըզըին, Զէյնէլ Էօնկիւլլիւին եւ եկեղեցւոյ տիկնանց կազմին։ 

Հարկ է նշել, որ օծման ու պաշտամունքի վերաբացման արարողութենէն վերջ, Սկիւտարի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ անդրանիկ Ս. Պատարագը պիտի մատոուցուի՝ այս շաբաթավերջի Վարդավառի տօնին առթիւ։

 

Չորեքշաբթի, Յուլիս 8, 2026