ՊԷՅՔՈԶԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒԵՑԱՒ. ՎԱՂԸ՝ ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ՁԵՌԱՄԲ ԱՆԴՐԱՆԻԿ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ
Այս շաբաթավերջին համայնքային շրջանակներուն ուշադրութիւնը կեդրոնացած է Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ վրայ, որու հիմնադրութեան 250-ամեայ յոբելեանը կը նշուի: Յոբելենական այս շրջանին, Վոսփորի Ասիական ափի այս գողտրիկ սրբավայրը ի հիմանէ վերանորոգուած, ամբողջութեամբ բարեզարդուած է՝ տեղւոյն թաղային խորհուրդի ջանքերով: Այսպէսով, Պէյքոզի եկեղեցին յոբելենական շրջանը կը նշէ ամբողջովին պայծառակերպուած ձեւով: Վերջին շրջանին այս եկեղեցիէն ներս տարուած ծաւալուն շինարարական աշխատանքները արդէն համայնքային շրջանակներու ուշադրութեան առանցքին էին:
Երէկ, Պէյքոզի եկեղեցւոյ օծման ու պաշտամունքի վերաբացման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ: Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան նախագահեց հանդիսաւոր արարողութիւններուն, որոնք համախմբեցին համայնքային շրջանակներէն բազմաթիւ դէմքեր եւ զանազան թաղերէ հոծ թիւով հաւատացեալներ: Եզակի այս օրուան՝ համայնքային շրջանակներուն բարձր տրամադրութիւնը բաժնելու փութացած էր նաեւ Պէյքոզի գաւառապետ Ֆաթիհ Իւրքմէզէր։ Օծման արարողութիւնը սկսաւ դռնբացէքի կարգով, որու աւարտին տեղի ունեցաւ նաւակատիքը՝ մինչ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ արարողութեան ներկայ՝ Տ. Արամ արք. Աթէշեան եկեղեցւոյ աւագ խորանի սեղանը, յարակից սեղանները եւ մկրտարանը օծեցին՝ ըստ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ծէսին եւ աւանդութիւններուն: Պոլսահայ հոգեւորականաց դասէն բազմաթիւ ներկայացուցիչներ մասնակցեցան այս հոգեպարար արարողութեան, որու ընթացքին բոլորը առ Աստուած աղօթք բարձրացուին՝ աշխարհի խաղաղութեան, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ անսասանութեան եւ մեր երկրի ու համայնքի համերաշխութեան համար:
Օծման արարողութեան յաջորդեց կանոնական երեկոյեան ժամերգութիւն, որու աւարտին Ամեն. Ս. Պատրաիրք Հայրը խօսեցաւ քարոզ մը: Նորին Աենապատուութիւնը այս փուլին առանձնապէս դրուատեց ատենապետ Վարուժան Մաղաքեանի կողմէ գլխաւորուած Պէյքոզի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը՝ արդարօրէն բարձր գնահատանքի արտայայտութիւններով: Նորին Ամենապատուութիւնը ընդգծեց, որ հաւաքական կեանքէ ներս ամէն կարեւոր գործ ունի իր մասնաւոր տեղը: Նկատի ունենալով, որ պաշտամունքն ալ հաւաքական տեսակէտէ կարեւոր նշանակութիւն ունի՝ աղօթավայրերը, սրբավայրերն ալ կը ներկայացնեն մեծ կարեւորութիւն: Թէեւ իւրաքանչիւրը կրնայ նաեւ անհատապէս աղօթել, սակայն, հաւաքական աղօթավայրերը ունին իրենց տարբերութիւնը, որովհետեւ կը համարուին սրբագործուած, նուիրական վայրեր, որոնք կը տարբերին հանրութեան բաց տարածքներէ: Այս տեսանկիւնէն Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը բացառիկ իմաստ վերագրեց՝ Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ վերանորոգութեան ու բարեկարգման:
Եկեղեցական արարողութիւններէն վերջ, տեղւոյն թաղական խորհուրդը հիւրընկալեց Նորին Ամենապատուութիւնը եւ արարողութեան բոլոր մասնակիցները: Եկեղեցւոյ յարակից պարտէզին մէջ սարքուեցաւ բացօթեայ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին գործադրուեցաւ երաժշտական յայտագիր: Բոլոր ներկաները ջերմ զրոյց ունեցան իրարու միջեւ՝ միշտ գնահատելով Պէյքոզի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին նախանձախնդրութիւնը, որպէսզի մեր այս գողտրիկ սրբավայրին կանթեղը մնայ վառ:
Հարկ է նշել, որ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը վաղը Պէյքոզի վերանորոգեալ եկեղեցւոյ մէջ պիտի մատուցէ անդրանիկ Ս. Պատարագը՝ ի շարունակութիւն օծման ու պաշտամունքի վերաբացման արարողութիւններուն: