ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանն ու գործակից ընկերները: Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր աւ. քահանայ Տամատեան, որ միեւնոյն ժամանակ Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւն է: Թաղականները փութացած էին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութիւնը ստանալու՝ շաբաթավերջի սիրոյ սեղանին ընդառաջ: Արդարեւ, Գումգաբուի ընտանիքը կը պատրաստուի այս շաբաթավերջին նախատեսուած՝ Պէզճեան Մայր վարժարանին ի նպաստ տարեկան հանգանակութեան: Զրոյցի ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը թաղականներէն տեղեկութիւններ քաղեց դպրոցի վերջին կացութեան, ինչպէս նաեւ թաղային խորհուրդի գործունէութեան շուրջ: Հուսկ, ան օրհնեց Գումգաբուի ընտանիքի նուիրեալ աշխատանքը՝ յղելով իր օրհնութիւններն ու կարողութեան մաղթանքը թաղային խորհուրդին համար: