ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑՆ ՈՒ ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆԸ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի Երեւանի աշխատակիցներէն Անուշ Թրուանցն ու Սագօ Արեանը: Այս վերջինները քանի մը օրէ ի վեր քաղաքս կը գտնուին՝ մասնակցած ըլլալով ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հրատարակութեան տնօրէնուհի Նատիա Գօչունեանի ծննդեան 75-ամեակին եւ լրագրական գործունէութեան 45-ամեակի կրկնակ յոբելեաններուն առթիւ կազմակերպուած ընդունելութեան: Իսթանպուլի մէջ կեցութեան առիթէն օգտուելով՝ Անուշ Թրուանց եւ Սագօ Արեան քաղաքավարական այցելութիւն մը տուին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր, որ զիրենք հիւրընկալեց ջերմ մթնոլորտի մը մէջ: Նորին Ամենապատուութեան հետ զրոյցի ընթացքին Անուշ Թրուանց եւ Սագօ Արեան արծարծեցին հայ իրականութեան վերաբերեալ զանազան խնդիրներ:
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը յայտնեց, որ Անուշ Թրուանցի եւ Սագօ Արեանի գրութիւններուն կը հետեւի գնահատանքով եւ ուշադրութեամբ: Հուսկ, ան Թրուանցին եւ Արեանին տուաւ իր օրհնութիւնները՝ յղելով յարատեւութեան մաղթանքներ: