ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «ՅՈՅՍ» ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐԻՉՆԵՐԸ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց «Յոյս» միութեան ներկայացուցիչները: Վարչութեան ատենապետ Լեւոն Եըլտըրըմեան եւ գործակից ընկերները, ինչպէս նաեւ Մայր Գայիանէ Տուլքատիրեան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ներկայացան՝ իրերօգնութեան եւ համագործակցութեան հարթակի մը ձեւաչափով գործունէութեան ձեռնարկած այս միութեան վերջին շրջանի աշխատանքներուն շուրջ տեղեկութիւններ ներկայացնելու առաջադրութեամբ: Համայնքէն ներս յատուկ խնամքի կարօտ տղոց եւ անոնց ընտանիքներուն ի նպաստ գործունէութիւն կը ծաւալէ «Յոյս»ը, որ վերջին շրջանին կարգ մը յաջող մշակութային ծրագիրներ կեանքի կոչեց: Այդ նախաձեռնութիւնները մէկ կողմէ միութեան տեսակէտէ եղան հասութաբեր, իսկ միւս կողմէ առիթ հանդիսացան, որպէսզի անոր զգայնութիւնները համայնքէն ներս մնան օրակարգի վրայ: 

Երէկուան հանդիպման ընթացքին Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը լսեց իրեն ներկայացուած մանրամասնութիւնները եւ «Յոյս»ի վարչայիններուն հետ կարծիքներու փոխանակումներ ունեցաւ անոնց շուրջ: Հուսկ, ան գնահատեց ներկայ դժուարին շրջանին համայնքէն ներս զօրակցութեան տրամադրութիւններ խրախուսելու ուղղեալ այս աշխատանքները: Նորին Ամենապատուութիւնը յարատեւութիւն եւ անվհատ կամք մաղթեց «Յոյս»ի ներկայացուցիչներուն:

Երեքշաբթի, Յունիս 9, 2026