ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ԱՅՍ ՏԱՐՈՒԱՆ ՅՈԲԵԼԵԱՐ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐԸ
Երէկ, շաբաթավերջին կազմակերպուած աւանդական բաժակի օրուան ի շարունակութիւն՝ Էսաեան վարժարանի այս տարուան յոբելեար շրջանաւարտները դարձեալ համախմբուեցան պատմական կրթօճախի համալիրէն ներս: Ըստ ընկալեալ սովորութեան՝ ամէն տարի, բաժակի օրուան յաջորդած շաբթուան սկիզբը, տուեալ տարուան յոբելեար դասարաններու ներկայացուցիչները կը համախմբուին Էսաեան վարժարանին մէջ: Այս տարի ալ շարունակուեցաւ այս աւանդութիւնը, որու ընթացքին յոբելեար շրջանաւարտները ունեցան անմոռանալի ապրումներ: Անոնք այցելեցին Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցին, ուր կատարեցին իրենց ուխտի աղօթքը՝ ներկայութեամբ Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեանի:
Դպրոցէն ներս յոբելեար շրջանաւարտները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցան՝ գլխաւորութեամբ լիսէի բաժնի տնօրէնուհի Տենչա Չընարի եւ միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Առլին Եշիլթեփէի: Վարժարանի համալիրէն ներս հերթական ներկայութիւնը արդէն անոնց տեսակէտէ անբացատրելի զգացումներու դուռ բացաւ: Կէսօրին յոբելեար շրջանաւարտները միասնաբար ճաշեցին դպրոցի ճաշարանին մէջ՝ ներկայութեամբ տնօրէնուհիներուն եւ ուսուցչական կազմէն ներկայացուցիչներու: Սեղանը օրհնեց հայր սուրբը, որ եւս իր ողջոյնները փոխանցեց յոբելեար դասարաններու սաներուն: