Երեքշաբթի 9, Յունիս 2026
ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ՀԱՄԵՐԳՆԵՐՈՒ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու՝ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբի տնօրէն խորհուրդի ատենապետ Սարօ Սիրականեանը, վարչայիններէն Նորեկ Տատըրօղլուն եւ խմբավար Սիպիլ Արսէնեանը։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին հիւրերը բացատրութիւններ տուին երգչախումբի գործունէութեան վերջին նորութիւններուն շուրջ։ Անոնք մասնաւորապէս տեղեկացուցին, որ յառաջիկայ շրջանին Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբը համերգներով հանդէս պիտի գայ՝ Պէյօղլուի Սեն թ՚Անթուան եկեղեցւոյ երդիքին տակ։ Սիպիլ Արսէնեան յայտնեց, որ համայնքէն դուրս շրջանակներու համար նախատեսուած այս ձեռնարկին համար բծախնդիր նախապատրաստական աշխատանքներ կը տարուին երգչախումբին կողմէ։
Երեքշաբթի, Յունիս 9, 2026