ՏՈԼՄԱՊԱՀՉԷԻ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑ

Երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան ընդունեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեանը: Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Հանրապետութեան նախագահութեան Տոլմապահչէի պաշտօնական գրասենեակին մէջ: Ներկայ էին Արդարադատութեան նախարար Աքըն Կիւրլէք, Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մեհմէտ Նուրի Էրսոյ, ինչպէս նաեւ ԱՔ կուսակցութեան Իսթանպուլի երեսփոխան Սեւան Սվաճըօղլու: Նորին Ամենապատուութեան ընկերացաւ՝ գաւազանակիր Տ. Թէոդիկ քահանայ Չեթինքայա: 

Գումգաբուի աղբիւրները հաղորդեցին, որ հանդիպման ընթացքին քննարկման ենթարկուած են՝ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի զանազան օրակարգային հարցեր: Այս ամբողջին մէջ մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ դարձած են՝ Իսքենտէրունի Ս. Քառասուն Մանուկ եւ Տիարպաքըրի Ս. Սարգիս եկեղեցիներու վերանորոգութեանց աշխատանքները: 

Հանդիպման աւարտին, յանուն մեր համայնքին, Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց Հանրապետութեան նախագահին կողմէ ցուցաբերուած հետաքրքրութեան համար՝ յղելով յաջողութեան եւ առողջութեան մաղթանքներ: 

Երեքշաբթի, Յունիս 9, 2026