ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐՈՎ ԱՐՏԱՍՈՎՈՐ ՈԳԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն Թուրքիա ժամանած ուխտաւորներու խումբը կը շարունակէ իր շրջագայութիւնը՝ հայկական պատմական գաւառներուն մէջ։ Ամերիկահայ ուխտաւորները, որոնք շաբաթավերջին Վանայ լճի Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ՝ երբեմնի եկեղեցւոյ (այժմ թանգարան) երդիքին տակ մատուցուած Ս. Պատարագէն վերջ շարունակեցին իրենց շրջագայութիւնը։ Երէկ, ուղեւորութեան ծրագրին վրայ կար Տիարպաքըր քաղաքը։ Ուխտաւորները այցելեցին Ս. Կիրակոս եկեղեցին, ուր ստեղծուեցաւ մեծ խանդավառութիւն։
Թեմակալ առաջնորդ Տ. Մեսրոպ եպիսկոպոս Պարսամեան, որ կը գլխաւորէ այս ուխտագնացութիւնը, հանդիսաւոր արարողութեամբ մուտք գործեց եկեղեցի՝ առընթերակայութեամբ Նիւ Եորքի Ս. Ներսէս ընծայարանի տեսուչ Տ. Մարտիրոս աւ. քահանայ Չեւեանի եւ Արեւելեան թեմի հոգեւորականաց դասէն Տ. Արմաշ քահանայ Պաղտասարեանի։ Հիւր ուխտաւորները դիմաւորելու համար ներկայ էր նաեւ Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Էրկիւն Այըք։
Նորին Սրբազանութեան հանդիսապետութեամբ պատմական եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ուխտի աղօթք։ Երգեցողութիւններէն վերջ կատարուեցաւ նաեւ հոգեհանգստեան պաշտօն։
Եկեղեցական արարողութիւններէն վերջ, տաճարի շրջափակին մէջ ուխտաւորներուն ի պատիւ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը։
Նորին Սրբազնութիւնը պատգամին մէջ հիացումով արտայայտուեցաւ Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մասին՝ ընդգծելով, որ ան Մերձաւոր Արեւելքի ամենամեծ հայկական սրբավայրը կը հանդիսանայ։
Այս ընդունելութեան ընթացքին բոլորը առիթ ունեցան ծանօթանալու նաեւ եկեղեցւոյ շրջափակին, իսկ Էրկիւն Այըքի հետ զրոյցը առիթ ստեղծեց, որպէսզի ուխտաւորները աւելի կատարեալ պատկերացում մը ունենան Տիարպաքըրի եկեղեցւոյ ներկայ վիճակին եւ կարիքներուն շուրջ։ Ծանօթ է, որ Ս. Կիրակոս եկեղեցին Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի հոգեւոր իշխանութեան սահմաններուն մէջ գտնուող գաւառի հինգ եկեղեցիներէն մին է։
Հարկ է նշել, որ Տ. Մեսրոպ եպսկ. Պարսամեանի գլխաւորութեամբ, ուխտաւորներու խումբէն փոքր թիւով հիւրեր այցելեցին նաեւ քաղաքի Ս. Սարգիս եկեղեցին, որ ներկայիս կարիքն ունի հիմնական վերանորոգութեան։