ԶԱՏԻԿ Է…

Կրկին Զատիկ է… ի՜նչ լաւ: Տօն… եւ ուրախութիւն:

Եւ այս առթիւ ու ինքնածին, բառերուս եւ տողերուս նոր շունչ տալ կ՚ուզեմ ու այս ձեւով ու բաւական երկար մտածելով, կը փորձեմ տարբեր իմաստ տալ կեանքին:

Ու մտովի կը վերլուծեմ…

Կասկած չկայ, որ մեր եկեղեցական տօնացոյցով Սուրբ Զատիկը՝ Սուրբ Յարութեան տօնը, հայ ժողովուրդի հոգեհարազատ ու շատ սիրուած եւ ամենէն նշանաւոր տաղաւար տօներէն մէկն է, որուն նաեւ Մեծ Զատիկ ալ կը կոչենք:

Դարերու վրայ երկարող ազգային մեր պատմութեան ընթացքին, մենք գրեթէ մեծցած ենք պապենական մեր հաւատքին շունչով եւ օծուած՝ անոր ոգիով: Ինչ որ ալ ըլլային մեր ապրած երկիրներու քաղաքական պայմանները, անոնց մարդկային ազատութեան թոյլտուութիւնները, մեր հոգեւոր հովիւներուն նուիրումի աստիճաններն ու մեր աղօթած եկեղեցիներուն եւ վանքերուն շքեղութիւններն ու մեծութիւնները, մեր մէջ հաւատք ըսուած աներեւոյթ կենսանիւթը, մեզ կանգուն պահած է:

Ու այս մէկը, սերունդէ սերունդ ժառանգած էինք, մաքուր ու հաստատ:

Իսկ հիմա… Սուրբ Զատիկ է:

Շատ ու շատ տարիներ առաջ «անոր» մեծ շուքին տակ մեծցանք: Այդ օրերուն, միայն կարմիր ներկուած հաւկիթը չէր, ո՛չ ալ ազգականներուն տուները շնորհաւորելու ձգտող մեր անմեղ այցելութիւններուն հաւաքուած զատկուան յատուկ տեսակաւոր խմորեղէնները, շաքարներն ու շոքոլաները: Ո՛չ…:

Ուրիշ բան մը կար: Սիրտդ ու հոգիդ պարուրող գաղտնի բան մը ունէր մեր Զատիկը, հայուն Զատիկը, որ տարիներու թաւալումի ընթացքին, մեր մտքերուն մէջ հասնցուց Յարութեան նշանաբանը:

Այդպէ՛ս մեզ մեծցուցին:

Գիտենք նաեւ, որ Զատիկը գարնան կու գայ եւ նշան է վերածնունդի: Նշան է նաեւ կեանքի յաղթանակին՝ մահուան վրայ: Ուրեմն աղբիւր է յաւիտենական կեանքի: Ուրեմն Զատիկը կը նշանակէ զոհ եւ միաժամանակ յաւիտենական կեանք, որ նաեւ իր հետ վերածնունդ կը բերէ:

Ուրեմն Զատիկը մահուան յաղթանակի տօնն ալ է: Անոր համար սուրբ յարութեան գաղափարը կապած եւ ագուցած ենք մեր ազգային կեանքին հետ մեր հայու իւրայատուկ խորհուրդով եւ նոր արշալոյս բերող Զատիկով:

Կ՚ուզեմ շեշտաւորել…

Ազգերու Զատիկը չի նմանիր այն կարմիր հաւկիթին, որ ժամանակին մեր մեծերը, Զատկին օրը, իբրեւ գերագոյն նուէր, մեր գրպանը կը դնէին: Մեր Զատիկը տարբեր հաւատք եւ գոյն ունի, կը կրկնէր միտքս շարունակ: Մեր Զատիկը, հայու Զատիկը:

Հայուն համար մահը ուրիշ բան է: Ան թէեւ ճակատագրական վախճան է, սակայն, իր մէջ տարբեր կախարդական երանգ մը ունի:

Պատմութեան ընթացքին, մենք միշտ մեր մահը զարդարած ենք: Մեր գերեզմանները կապած ենք մեր կեանքին:

Ազգովին մենք անցեալ մը ունեցած ենք. յաւերժական, զորս միշտ կը յիշենք տառապանքով, խոնաւցած աչքերով եւ զգացական պոռթկումով: Ասկէ մեկնած, մեզի համար կեանքը մահ եղած է եւ մահն ալ՝ կեանք:

Տակաւին…

Իբրեւ աշխարհի առաջին քրիստոնեայ ազգ, մեզի համար նաեւ Աւագ շաբաթը, կը կարծեմ, որ Քրիստոսի հետ ժամադրութեան ամենէն գեղեցիկ շաբաթն է:

Այս շաբթուան չարչարանքի եւ յարութեան նշանները կը կախարդեն մեզ եւ կը տաքցնեն մեր ցուրտ միտքերն ու հոգիները:

Սուրբ Զատիկ է եւ հրաշքի յաղթանակի օրը:

Ու երբ ամէն անգամ եկեղեցի մտնենք, մոմ կը վառենք: Հայ ենք: Եկեղեցւոյ մէջ մեր Աստուծոյն մենք ջերմօրէն կրկին կը փորձենք հանդիպիլ: Անոր հետ մտերիմ զրուցել կ՚ուզենք: Ըսելիքներ շատ ունինք: Ունինք նաեւ անհամար եւ առաջնահերթ ակնկալութիւններ: Ու կը փորձենք ի խորոց սրտի աղօթել ամէն բանի համար, նաեւ փառք տալով Անոր հրաշքի յաղթանակին:

Զատիկը, կը շարունակէ միտքս… նաեւ Սուրբ Յարութեան տօնն է:

Թէեւ Յիսուս յարութիւն առաւ եւ վերջ տուաւ Իր չարչարանքներուն, բայց մեր «յարութիւնը», որ մեզմէ կախում ունի, տակաւին նոյնիսկ կասկածի տակ է:

Որովհետեւ… մենք այսպէս ընդունած ենք նաեւ զատկուան խորհուրդը եւ զայն ա՛յս ձեւով ալ դասաւորած: Աւելի ճիշդ, խաղաղութեան մեր մեծ Իշխանին յարութեան իմաստէն մեկնելով՝ վերագնահատած ենք մահուան ըմբռնումը:

Դարերով Քրիստոսն ու իր խաչը դարձուցած ենք մեր կեանքին ե՛ւ արեւը ե՛ւ լոյսը ե՛ւ յոյսը հաւասարապէս:

Այս վայրկեանին կը զգամ, որ ցեղիս պատգամին թելադրանքէն ծնունդ սկսած են առնել տողերս: Մտքերու խտացում: Նոյնիսկ բառերս կարօտի գոյն եւ տրամադրութիւն ստացած են: Ունին: Թէեւ տաժանելի է այս զգացումը… բայց…

Սուրբ Զատիկ է. Յարութեան տօն: Յոյսի եւ քրիստոնեայ հաւատքի տօն, որ ունի յատուկ խորհուրդ եւ պատգամ…:

Արդ, որպէսզի կրկին անգամ ունենանք կապոյտ հանդարտութիւնն ու անդորրութիւնը մեր ալեկոծ մտքերուն, Սուրբ Զատկուան այս ուրախ ու մեծ տօնին առթիւ, ի սրտէ աւանդութիւն դարձած իմաստալից այս աւետումը կ՚ուզեմ փոխանցել բոլորիդ եւ բոլորիս անխտիր, ըսելով.

«Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց,
Օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի»:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Լոս Անճելըս

Շաբաթ, Ապրիլ 4, 2026