ԱՊՐԻԼ ԿԵՆՍԱՆՈՐՈԳ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՄԲ
«Զի խնդրէք զկենդանին ընդ մեռեալս, չէ աստ այլ յարեաւ»
(Ղուկաս, 24.5-6)
ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ
Գոհութիւն եւ փառք ամենակալին Աստուծոյ, որ այսօր հասած ենք Աւագ շաբթուան ճանապարհորդութեան գագաթնակէտին, ուր Սուրբ Յարութեան աւետիսով յայտնաբերուեցաւ տխրութեան փոխակերպումը ուրախութեան, իսկ ուրախութեան փոխակերպումը՝ հիասթափութեան։
Յովհաննէս Աստուածաբան Աւետարանիչ բարձրաթռիչ բառերով կը ներկայացնէ Քրիստոսը, յայտարարելով՝ թէ «Կեանքը անով էր։ Եւ կեանքը լոյս էր մարդոց։ Եւ լոյսը կը լուսաւորէ խաւարին մէջ. եւ խաւարը չճանչցաւ զայն» (Յովհաննէս, 1.4-5)։ Այս բնութագրումին հետեւելով Քրիստոս կը ներկայացուի կենսաւէտ եւ կենսապարգեւ ստորոգելիներով։ Յիրաւի մարդիկ, որոնց սրտերը փակուած էին Քրիստոսի քարոզած ճշմարտութեան, ըլլալով խաւարի որդիներ։ Անոնք իրենց մաղձը թափեցին եւ փորձեցին մարել կեանքի ջահը, որ Հօր կամքով նախասահմանուած էր յաւիտենապէս առկայծ մնալու։ Պօղոս առաքեալի բառերով «Յիսուս Քրիստոս իր անձը ունայնացուց ծառայի կերպարանք առնելով, մարդոց նման ըլլալով եւ կերպարանքով իբրեւ մարդ ճանչցուելով, խոնարհեցուց ինքզինք, հնազանդ ըլլալով մինչեւ մահ եւ նոյնիսկ խաչի վրայ մահուան» (Փիլիպպեցիս, 2.7-9)։
Քրիստոսի մատնութիւնը, կրած չարչարանքները, խաչելութիւնը եւ խաչին վրայ իր հոգին աւանդելը, իր մարմնին վիմափոր գերեզմանի մէջ դրուիլը տխուր եւ ցաւառիթ պարագաներ էին Գալիլիացի Վարդապետի անմիջական շրջանակին համար, որ հետեւած էին իրեն։ Մինչ անդին կար խաւարամիտներու դասակարգ մը, որ որպէս թէ ազգասիրութենէ եւ կրօնասիրութենէ մղուած, որոշած էր, թէ «լաւ պիտի ըլլար որ մէկ մարդ մեռնէր ժողովուրդին համար, քան թէ ամբողջ ազգ մը կորսուէր Հռովմայեցիներու կողմէ» (Յովհաննէս, 11.47-51)։ Այդ դասակարգը հասած էր իր կէտ նպատակին, բան մը, որ ուրախառիթ յաջողութիւն մըն էր իրեն համար։ Գերեզմանի մուտքի քարով, քահանայապետի կնիքով եւ պահապան զինուորներով իրենք զիրենք ապահով կը զգային եւ այդ ապահովութեամբ էր, որ կը շարունակէին ուրախանալ։ Իրենց համար Գալիլիացի բոկոտն Վարդապետին կեանքի տետրակը այլեւս փակուած էր։ Անոնց մտածելակերպին համաձայն՝ յաւիտենապէս փրկուած էին Իրմէ։ Այլեւս զիրենք յանդիմանողը լռած էր ընդմիշտ։ Սակայն եւ այնպէս, ըստ երեւոյթին, երկու բան մոռցուած էր. նախ Քրիստոսի խօսքը, թէ «մարդու Որդին պիտի մատնուի քահանայապետներուն ու դպիրներուն ձեռքը. եւ մահուան պիտի դատապարտեն զայն ու պիտի մատնեն հեթանոսներու ձեռքը. պիտի ծաղրեն զայն, պիտի ծեծեն ու պիտի թքնեն անոր վրայ. եւ պիտի սպաննեն. Ու ան երրորդ օրը յարութիւն պիտի առնէ» (Մարկոս, 10.34)։ Ապա չորեքօրեայ մեռեալ Ղազարոսի գերեզմանին առջեւ ըսածը. «Ես իսկ եմ յարութիւն եւ կեանք» (Յովհաննէս, 11.25)։
Ուրախութիւնը տխրութեան, տխրութիւնը ուրախութեան փոխակերպող զօրութիւնը նոյնինքն կեանքի զօրութիւնն էր, զոր կարելի չէր գերեզմանի չորս պատերուն մէջ բանտարկել։ Գերեզմանի գաղափարը կը յիշեցնէ մահը եւ ապականութիւնը։ Մինչեւ Քրիստոս եղան գերեզմաններ, որոնք մահ կը բուրէին։ Անոնց մօտ կեանքի գաղափարը կ՚անէանար։ Մարդկային պատմութեան ընթացքին գտնուեցաւ գերեզման մը, որ յեղաշրջեց մահուան գաղափարը. գերեզման մը՝ ուր նախապէս ո՛չ ոք դրուած էր։ Որքան բարեբախտ էր Յովսէփ Արիմաթացի, որուն շնորհիւ իրեն համար պատրաստուած ժայռափոր գերեզմանը պիտի վերածուէր կեանքի եւ անմահութեան յայտնութեան վայրի մը, առաջի իւղաբեր կանանց։ Գերեզմանը՝ որ մահուան ստուերին տակ կը գտնուէր, Քրիստոսի յարութեամբ պիտի դառնար քաղցրաբոյր վայր մը, որ առհաւատչեան պիտի ըլլար պարգեւուած նոր կեանքի։ Ճիշդ այդ էր, որ հրեշտակային յայտարարութեամբ իւղաբեր կիներուն եւ անոնց գծով ի լուր աշխարհի կը ծանուցուէր ըսելով. «Ինչո՞ւ մեռելներուն մէջ կը փնտռէք ողջը, այստեղ չէ, այլ յարութիւն առաւ»։ Հրեշտակային յայտարարութիւնը նաեւ յիշեցումի բնոյթն ունէր Քրիստոսի խօսքերուն, թէ «պէտք է որ մարդու Որդին մեղաւոր մարդոց ձեռքը մատնուի, խաչուի եւ երրորդ օրը յարութիւն առնէ» (Ղուկաս, 24.5-7)։ Իւղաբեր կիներ, հաւատքով ու հաւատարմութեամբ իրենց պատրաստած անուշահոտ խունկերն ու իւղերը, որպէս ընծայ կը բերէին գերեզման դրուած Քրիստոսի մարմինը օծելու առաջադրութեամբ։ Սակայն, անոնք դէմ յանդիման կը մնային անակնկալ ու թանկագին նուէրի մը հետ, որ Աստուածային տնօրինութեամբ առատապէս կը բաշխուէր համայն մարդկութեան որպէս ձրի շնորհ, որ էր Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի բառերով, թէ «մահ լուծաւ մահկանացուաց», այսինքն «մահկանացուներուն մահը ջնջուեցաւ»։
«Ինչո՞ւ մեռելներուն մէջ կը փնտռէք ողջը, այստեղ չէ, այլ յարութիւն առաւ»։ Հրեշտակապարգեւ հարցմամբ փոխանցուած աւետիսը, իսկութեան մէջ ազդարարութիւն է եւ ուղղութիւն կու տայ բոլոր անոնց, որոնք կը կրեն Քրիստոսի անունը։ Քրիստոս կը յայտնուի ապրող եւ կենսաբոյր գործերու մէջ։
Աշխարհ կեանքի մը նորոգման սքանչելի հրաշքին ականատեսը եղաւ, երբ Քրիստոս յայտնուեցաւ եկեղեցի հալածող Սօղոսի կեանքէն ներս, այդ ալ եկեղեցին առաւել ուժգնութեամբ հալածելու առաջադրած ճանապարհին վրայ։ Աստուածային զօրութիւնը զգետնեց Սօղոսը իր բոլոր ոչ-աստուածահաճոյ ժխտական գործերով ու բացաւ նոր ճանապարհ մը, ուրկէ ընթացաւ Պօղոս առաքեալ, վառուած սիրովն Քրիստոսի (Գործք Առաքելոց, 9.1-7)։ Հեթանոսաց առաքեալը երբ կը յայտարարէ, թէ Քրիստոս երեւցած էր նաեւ իրեն, միաժամանակ կը խոստովանի իր նախկին մեղքը եւ կ՚արտայայտէ այն անուրանալի ճշմարտութիւնը, թէ իր վրայ հասած Աստուծոյ շնորհքը զուր տեղը չէին անցած եւ որպէս առաքեալ իր առաքելական գործունէութիւնը կը պարտէր Աստուծոյ շնորհքին, որ իր մէջ կը գործէր (Ա. Կորնթացիս, 15.9-10)։ Պօղոս առաքեալ իր առաքելական գործունէութեան մասին կը գրէր, կը հաստատէր կարեւոր ճշմարտութիւն մը, ըստ որուն՝ «մարդ կրնար արդարանալ Յիսուս Քրիստոսի հաւատքով» եւ ինք այս առումով «հաւատացած էր Քրիստոս Յիսուսի» ու կը շարունակէր ըսելով. «…Քրիստոսի հետ խաչը ելայ. այլեւս կենդանի եմ. ոչ թէ ես այլ իմ մէջս կենդանի է Քրիստոս։ Իսկ հիմա որ կենդանի եմ մարմնով՝ կ՚ապրիմ հաւատքովը Աստուծոյ Որդիին, որ սիրեց զիս եւ ինքզինք մահուան մատնեց ինծի համար» (Գաղատացիս, 2.16,20)։ Մենք եւս կը կանչուինք Պօղոս առաքեալի նման նոյն հաւատքով ընթանալու, վայելելու համար Քրիստոսի ներկայութիւնը ապրող գործերու մէջ։
Քրիստոս մեր մէջ կը յայտնուի ինքնաբերաբար, երբ «երկու կամ երեք հոգի հաւաքուած ըլլանք իր անունով, Ան հոն պիտի ըլլայ մեր մէջ» (հմմտ. Մատթէոս, 18.20)։ Քրիստոս հեռու չէ բոլորէս, երբ կը խոստովանինք մեր հոգիով աղքատութիւնը ու հոգիով հարստանալու առաջադրութեամբ կ՚որոնենք զԻնքը։ Քրիստոս մեր կողքին է, երբ կ՚անտեսենք անմիտ հարուստին օրինակը, կը թողունք եսակեդրոն ապրելակերպը եւ կ՚ընդգրկենք Քրիստոսակեդրոն կեանքի ճանապարհը, որ մեզ կ՚առաջնորդէ տեսնելու եւ ըմբռնելու, թէ արտաքոյ մեր եսէն կայ աշխարհ մը, որ կը կարօտի մեր օժանդակութեան։ Քրիստոս մեզի հետ է, երբ Իր Մարմնին՝ Սուրբ Եկեղեցւոյ պայծառութեան հոգ կը տանինք, որդեգրելով այրի կնոջ լումայի օրինակը եւ շնորհաց պարգեւողին պարգեւած շնորհքի չափով նիւթապէս եւ բարոյապէս կ՚աջակցինք եկեղեցւոյ առաքելութեան։ Քրիստոս մեր կողքին է, երբ հեռու կը կենանք անիրաւ մամոնային գերին դառնալէ եւ կը ջանանք «հարստանալ՝ յաչս Աստուծոյ» (հմմտ. Ղուկաս, 12.21) եւ «երկնքի մէջ գանձեր դիզելու՝ ուր ոչ գողը կը մօտենայ եւ ոչ ալ ցեցը կ՚ապականէ» (Ղուկաս, 12.33)։
«Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ իր միածին Որդին տուաւ, որպէսզի ով որ հաւատայ անոր՝ չկորսուի այլ ընդունի յաւիտենական կեանքը» (Յովհաննէս, 3.16)։ Աստուծոյ սիրոյն պատգամը կը ներկայանայ որպէս ազդարարութիւն, որպէսզի մարդիկ սիրեն զիրար, քանի որ նախ Աստուած սիրեց մարդկութիւնը։ Ապրող եւ կեանք տուող Քրիստոսի հետ ըլլալու նախապայմանն է «խոստովանիլ թէ Յիսուս Աստուծոյ Որդի է»։ Այդ պարագային «Աստուած կը բնակի մեր մէջ եւ մենք ալ Աստուծոյ մէջ» (Ա. Յովհաննէս, 4.15-16)։ Քրիստոս մեզի հետ կ՚ըլլայ, երբ կը սիրենք զիրար եւ այդ իսկ բաւ է ցոյց տալու, թէ մենք կ՚ապրինք Քրիստոսի հետ։ Որքան գեղեցիկ ու դիպուկ է Սուրբ Պատարագի «Քրիստոս ի մէջ մեր յայտնեցաւ» երգը, որուն մէջ կ՚երգենք ըսելով. «…թշնամութիւնը հեռացաւ, սէրը ընդհանուրիս մէջ տարածուեցաւ»։
Սուրբ Յարութեան տաղաւարին բոլորով սրտիւ կը հաւատանք, թէ «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց. իր մահուամբ մահը խորտակեց եւ իր յարութեամբ՝ մեզի կեանք պարգեւեց»։ Այս հաւատքի սրտագին արտայայտութիւնը ինքնին կը բաւէ, որ ողջը մեռելներու, մեռեալ գործերու մէջ չփնտռենք։ Երկիւղը, յուսահատութիւնը, հաւատքի տկարութիւնը կը յառաջացնեն անկենդան եւ կեանքը թունաւորող պայմաններ, որոնց հակաթոյնն է նոյնինքն յարուցեալ Քրիստոս, որ կարող է դուրս բերել գերեզմանաբոյր կեանքի վիճակներէն ու կը նորոգէ նոր կեանքի յոյսով եւ կ՚առաջնորդէ, որպէսզի ըլլանք յարուցեալ Փրկչին հետ եւ զայն փնտռենք կենսաբոյր մթնոլորտի մէջ, ապրելու, ապրեցնելու սուրբ նպատակին վայելչութիւնը։ Քաղցածին հաց տալ, ծարաւածին՝ ջուր, մերկին՝ զգեստ, հիւանդին՝ այց, բանտարկուածին՝ մխիթարութիւն. բոլորը վերջին դատաստանին կ՚արժեւորուին որպէս ապրող գործեր, որոնք կը գնահատուին եւ կ՚ապահովեն աշխարհի սկիզբէն պատրաստուած արքայութիւնը ժառանգելու երջանկութիւնը (հմմտ. Մատթէոս, 25.36-37)։
Սուրբ Յարութեան տաղաւարը յոյսի տօն է։ Երբ կը տօնենք Սուրբ Յարութեան ուրախութիւնը, կը յիշենք, թէ աշխարհը իր նեղութիւններով կը փորձէ գերեվարել մեզ։ Այս պարագային մեր ականջներուն մէջ կ՚արձագանգէ Քրիստոսի խօսքը՝ ուղղեալ իր առաքեալներուն. «Այս աշխարհի մէջ նեղութիւն պիտի ունենաք, սակայն քաջալերուեցէք, որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհին» (Յովհաննէս, 16.33)։
Սուրբ Յարութեան աւետիսով վերանորոգուինք հաւատքով, զօրանանք յոյսով եւ բորբոքուած սիրով հետամտինք բարի գործեր կատարելու մեր մէջ գործող ապրող Քրիստոսի զօրութեամբ եւ Տարսոնի եպիսկոպոս Ներսէս Լամբրոնացիի բառերով երգենք. «Այսօր մենք ալ զուարճացած պայծառանանք այս տօնով. Աստուծոյ հաշտութեան հետ սիրով զիրար գրկենք եւ միաբան գոչենք՝ Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց» (Շարական Ս. Զատկի Տէր յերկնից, թարգմանութիւն՝ Եփրեմ արքեպս. Թապագեանի)։
Յարութեան լոյսը ընդմիշտ լուսաւորէ մեր կեանքի ճանապարհը, յաւիտեանս յաւիտենից։ Ամէն։
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ