«ՄԵԾ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԵՒ ՔԱՀԱՆԱՅԱՊԵՏԻՆ ԱՐԵԱՆ ԳԻՆՆ ԵՆՔ»

Այսօր Աւագ չորեքշաբթի է: Աւագ չորեքշաբթի օրը կարծէք հանգիստի օր է, աւելի ճիշդ ներքին մտամփոփման օր մը Տէր Յիսուսի համար, պատրաստուելու համար յառաջիկայ օրերուն պատահելիք դժուարութիւններուն: Այսօր, Տէր Յիսուս Իր սովորութեան համաձայն տաճար չէ գացած աղօթելու կամ քարոզելու: Աւագ չորեքշաբթին կը խորհրդանշէ ստեղծագործութեան չորրորդ օրը եւ չորրորդ ժամանակաշրջանին պատկերն է, երբ Աբրահամ Իսահակը ունենալուն աւետիսը ստացաւ, հրեայ ժողովուրդը Եգիպտոսէն դուրս եկաւ եւ Աւետեաց երկիր փոխադրուեցաւ: Այսօրուան Աստուածաշնչական ընթերցումները կը յիշեցնեն մեզի Աբրահամի զաւակ ունենալու խոստումը, անոր բարեխօսութիւնը Սոդոմի ու Գոմորի համար, Սոդոմ եւ Գոմորի կործանումը (Ծն 18.1-19.30), Յիսուսի օծումը Բեթանիոյ մէջ, Յուդային համաձայնութիւնը Տէր Յիսուսը մատնելու (Մտ 26.3-16):

Տարուան ընթացքին Եկեղեցին չորեքշաբթի եւ ուրբաթ օրերը պահքի օր սահմանած է: Չորեքշաբթին սահամանած է, որովհետեւ այդ օր է, երբ մեր Տիրոջ համար հրեաները երեսուն արծաթ վճարեցին…: Կը կարդանք. «Ապա, տասներկու աշակերտներէն մէկը, որ Յուդա Իսկարիոտացի կը կոչուէր, գնաց աւագ քահանաներուն մօտ եւ ըսաւ.

-Ի՞նչ կու տաք ինծի, եթէ Յիսուսը յանձնեմ ձեզի:

Անոնք երեսուն արծաթ դահեկան հաշուեցին եւ տուին Յուդայի: Անկէ ետք, անիկա յարմար առիթի մը կը սպասէր՝ Յիսուսը մատնելու համար» (Մտ 26.14-16):

Զաքարիա Ձագեցի Կաթողիկոսը Աւագ չորեքշաբթի օրուան մասին գրած ճառը այսպէս կ՚աւարտէ.

* Այս պատճառով առաքեալները հաստատութեամբ կարգեցին իւրաքանչիւր չորեքշաբթի օր ծոմ պահել (պահք պահել) միսէն եւ ինչ որ միսէն կու գայ, որովհետեւ մշտնջենաւոր, անժամանակ, աներեւոյթ եւ մեծ Աստուծոյ եւ Քահանայապետին արեան գինն ենք, որ մեզի համար ծախուեցաւ՝ որպէսզի մեզ փրկէ այս նանիր աշխարհէն եւ անոր ժամանակաւոր զբաղումներէն ու ընչասիրութենէն: Որպէսզի Յուդային հետ յաւիտենապէս չկորսուինք, այլ՝ մարմնացեալ Բանն Աստուածը պահէ մեզ, որ մեզի համար ծառայի կերպարան ստացաւ, որպէսզի Աւազանին մէջ վերածնութեամբ արարչական եւ անապական պատկերը հագուեցնէ. եւ Յիսուս Քրիստոսով՝ մեր Տիրոջմով, մեզ արժանացնէ խոստացուած բարիքներուն, որուն կը վայելէ փառք, այժմ եւ յաւիտենաս: Ամէն:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

31 մարտ 2026, Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 1, 2026