ԶՕՐԱՆԱԼ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴՈՎ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, վերջերս (26 մայիս) տեղի ունեցաւ քահանայից հաւաք, որուն մասնակցեցաւ շուրջ երկու հարիւր հոգեւորական: Ամէն տարի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կը կազմակերպուին քահանայից հաւաքներ, իսկ այս տարուանը բացառիկ նշանակութիւն ունեցաւ՝ մանաւանդ, որ Հայաստանէ ներս մտահոգութիւնները հետզհետէ կը խորանան իշխանութիւններու կողմէ սանձազերծուած հակաեկեղեցական քարոզարշաւին բերումով: 

Քահանայից հաւաքի մասանկիցները Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ մասնակցեցան Ճաշու ժամերգութեան, որու աւարտին համախմբուեցան Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի հանդիսութիւններու դահլիճին մէջ: Բացման փուլին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Տ. Մուշեղ եպսկ. Պապայեան, որ գլխաւորած էր կարգադիր յանձնախումբը: 

Վեհափառ Հայրապետը իր ելոյթին մէջ քահանայից հաւաքը պատեհ առիթ մը նկատեց՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի խորհուրդով զօրանալու տեսակէտէ: Իր պատգամին մէջ ան խոր մտահոգութիւն յայտնեց՝ Հայաստանի իշխանութիւններու հակաեկեղեցական արշաւին կապակցութեամբ: Նորին Սրբութիւնը շեշտեց, որ անհիմն մեղադրանքներով եկեղեցւոյ դէմ հալածանքներ կը կատարուին՝ եկեղեցւոյ ինքնավարութիւնը խաթարող միջամտութիւններով հանդերձ: 

«Ունայնամտութիւն է սանձազերծուած միջոցները հիմնաւորել Հայ Եկեղեցւոյ՝ այսպէս կոչուած բարենորոգման ծրագրի իրականացման անհրաժեշտութեամբ», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը՝ շեշտելով, որ արհեստածին «բարենորոգման» ծրագիրը կեղծ օրակարգ մըն է: Արդարեւ, Նորին Սրբութիւնը համոզուած է, թէ եկեղեցւոյ բարենորոգումը չի՛ կրնար իրականացուիլ իշխանութիւններու ճնշմամբ ու թելադրանքով՝ ուղեկցուելով նաեւ բացայայտ զրպարտութիւններով ու կեղծիքներով: Մնաց որ, եկեղեցւոյ բարեկարգումը մշտական ներքին գործընթաց մըն է: 

«Բոլորս այսօր պարտաւորութիւն ունինք առաջին հերթին եկեղեցւոյ մարմինը անխաթար, ամբողջական ու միասնական պահելու եւ թոյլ չտալու, որ արտաքին միջամտութիւններով պառակտուի եկեղեցին», պատգամեց Վեհափառ Հայրապետը: 

Հաւաքի ընթացքին, Վեհափառ Հայրապետի խօսքէն վերջ, հոգեւոր հայրեր ներկայացուցին զեկուցումներ, որոնց լոյսին տակ ծաւալուեցաւ ազատ քննարկում: 

Քահանայից հաւաքի աւարտին հրապարակուեցաւ յայտարարութիւն մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ:

*

Մենք՝ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Հայաստանի թեմերէն ներս սպասաւորող քահանաներս, բարձր նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, մայիսի 26-ին՝ Աւարայրի ճակատամարտի խորհրդանշական օրը, համախմբուած Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, գոհութիւն եւ փառք կը վերառաքենք Ամենակալ Աստուծոյ՝ համատեղ աղօթքի եւ եղբայրական ոգիով մեր սրբազան առաքելութեան շուրջ մտորելու առիթի համար:

Առաքելական քարոզչութեամբ հաստատուած Հայոց Եկեղեցին Աստուծոյ բարեխնամ հայեացքի ներքեւ կը շարունակէ անշեղօրէն ծառայել հայ ժողովուրդին ի Հայաստան եւ ի սփիւռս՝ զօրացնելու բարեպաշտ մեր ժողովուրդին հաւատքը, նախանձախնդրութեամբ հետամուտ ըլլալու ազգային ինքնութեան պահպանութեան, նպաստելու հայեցի կրթութեան ու դաստիարակութեան եւ Տիրաւանդ իր առաքելութեամբ ըլլալու ճշմարտութեան ու արդարութեան ձայնը մեր հասարակութեան մէջ:

Հայոց Եկեղեցւոյ համար դժուարին այս օրերուն, երբ Հայաստանի մէջ պետական լծակներու կիրառմամբ իրականացուող հակաեկեղեցական գործողութիւններով փորձ կը կատարուի վերատեսութեան ենթարկել եկեղեցական դարաւոր կարգն ու կանոնը, հրաժարական պարտադրել Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին եւ Եկեղեցին, ըստ էութեան, ենթարկեցնել քաղաքական իշխանութեան, վճռականօրէն կը յայտարարենք, որ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ ինքնակառավարումը, կանոնական կարգն ու ներքին կեանքը ենթակայ չեն որեւէ քաղաքական ուժի կամ պետական մարմնի թելադրանքի: 

Հակաօրինական եւ հակասահմանադրական այս արշաւը ուղղակիօրէն կը վտանգէ համազգային մեր համերաշխութիւնն ու հասարակական կայունութիւնը, լրջօրէն կը հարուածէ նաեւ հայոց պետականութեան հիմքերուն: Միեւնոյն ժամանակ, խիստ դատապարտելի կը համարենք կարգալոյծ հռչակուած անձերու կողմէ պետական հովանաւորչութեամբ հակականոնական ու սրբապիղծ գործողութիւնները, վանքերու ու եկեղեցիներու, եկեղեցական կառոյցներու ու միջոցներու բռնազաւթումն ու ապօրինի գործածումը: Սա ո՛չ միայն կանոնական կարգի կոպիտ խախտում է, այլեւ միտումնաւոր փորձ՝ ներսէն խարխլելու եկեղեցական միաբանութիւնը: Ցաւով կ՚արձանագրենք նաեւ, որ որոշ քահանայ հայրեր ներգրաւուած են այս պառակտիչ գործընթացներուն մէջ՝ դառնալով հակաեկեղեցական ձեռնարկներու կամայ թէ ակամայ գործակիցներ: Նման ընթացքը խորթ է քահանայական ուխտին եւ չունի հոգեւոր, բարոյական ու կանոնական, այլեւ մարդկային որեւէ արդարացում: Կոչ կ՚ուղղենք մեր եղբայրներուն՝ վերատեսութեան ենթարկել իրենց խոտորեալ ընթացքը եւ բացառել կանոնազանց գործողութիւնները: 

Գոհութիւն կը յայտնենք առ Աստուած, որ աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդը հաստատակամ է իր հաւատարմութեան մէջ առ Սուրբ Էջմիածինը եւ վճռական՝ պաշտպանելու Հայոց Եկեղեցւոյ իրաւունքներն ու արժանապատուութիւնը: Իւրաքանչիւր փորձ՝ խաթարելու Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ինքնիշխանութիւնը, ոտնահարելու եկեղեցական կարգը կամ նսեմացնելու Ամենայն Հայոց Հայրապետի աստուածահաստատ ինքնիշխանութիւնը, պիտի բախի համայն հաւատաւոր ժողովուրդի եւ ուխտապահ ողջ եկեղեցականութեան հաստատուն ու անսասան դիմադրութեան: 

Հայաստանէ ներս յառաջիկայ ընտրութիւններու եւ քաղաքական իրադարձութիւններու համատեսքին մէջ կոչ կ՚ուղղենք մեր հաւատաւոր ժողովուրդին՝ դրսեւորել պատասխանատու վերաբերմունք, զերծ մնալ ապօրինութենէ, ատելութեան խօսքէ ու ապատեղեկատուութեան տարածումէ եւ նպաստել հասարակական համերաշխութեան կայացման: 

Հաւատարիմ ըլլալով մեր ուխտին եւ միւռոնաբաշխ Սուրբ Էջմիածնին՝ որդիական մեր անվերապահ զօրակցութիւնը կը յայտնենք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին՝ փորձութեան այս օրերուն հայրապետական իմաստութեամբ, հոգեւոր արիութեամբ եւ խաղաղ հաստատակամութեամբ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին առաջնորդելու համար:

Առ Աստուած ապաւինութեամբ կը հայցենք, որ Տէրը ամենախնամ Իր Աջը տարածէ մեր ժողովուրդին, մեր հայրենիքին եւ Սուրբ Եկեղեցիին վրայ՝ պահելով Հայաստանը խաղաղ, Հայոց Եկեղեցին՝ անսասան եւ մեր հաւատքը՝ անխախտ: 

*

Միւս կողմէ, Հայաստանի մէջ շաբաթավերջին նախատեսուած ընտրութիւններուն ընդառաջ, Վեհափառ Հայրապետը հանդէս եկաւ կոչով մը: «Հայրապետիս յորդորն է՝ բոլորդ անխտիր յառաջիկայ կիրակի մասնակցեցէք ընտրութիւններուն՝ ազգի եւ հայրենիքի շահերու բարձր գիտակցութեամբ, լուսաւոր գալիքի տեսիլքով եւ սերունդներու նկատմամբ պատասխանատուութեամբ, որպէսզի մեր երկրին մէջ գերակայէ օրէնքը», ըսաւ ան: Նորին Սրբութիւնը նաեւ կոչ ուղղեց քաղաքական ուժերուն, որպէսզի զերծ ըլլան ատելութեան խօսքէ, դրսեւորեն զգօնութիւն ու շրջահայեացութիւն եւ հեռու պահեն ժողովուրդը հաւանական անցանկալի իրադարձութիւններէ:

Երկուշաբթի, Յունիս 1, 2026