ԱՆՏԻՈՔԻ ՔԱՐԱՅՐ-ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՍՈՒՐԲԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆ

Գաւառի հայոց հոգեւոր տեսուչ Տ. Աւետիս քահանայ Թապաշեան նախընթաց օր Անտիոքի մէջ մասնակցեցաւ՝ Ս.Պօղոս-Ս.Պետրոս առաքեալներու յիշատակութեան տօնակատարութեան: Հարկ է նշել, որ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ տօնացոյցին վրայ ամէն տարի յունիսի 29-ը նախատեսուած է՝ որպէս այս սուրբերու յիշատակութեան օրը: Անտիոքի Ս. Պետրոս քարայր-եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ արարողութիւնը, որուն մասնակցեցան շրջանի քաղաքներէն հոգեւոր առաջնորդներ: Քրիստոնէական զանազան եկեղեցիներու ներկայացուցիչները առ Աստուած աղօթք բարձրացուցին աշխարհի խաղաղութեան համար: Արարողութեան հանդիսապետեց Անատոլուի Պապական փոխանորդ Անթուան Ըլկըթ եպիսկոպոսը: 

Յիշատակութեան տօնի աւարտին, Տ. Աւետիս քահանայ Թապաշեան Անթուան Ըլկըթ եպիսկոպոսին փոխանցեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեանի ողջոյնները:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 1, 2026