ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐ ԷՋ

Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանին (ԳՀՃ) մէջ տեղի ունեցաւ 2025-2026 ուսումնական շրջանի փակման արարողութիւնը՝ հովանաւորութեամբ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի:

Գէրոգեան հոգեւոր ճեմարանի եւ Սեւանի Վազգէնեան հոգեւոր դպրանոցի տեսուչ Տ. Յուսիկ աբեղայ Սմբատեան հաւաքոյթի սկիզբին հանդէս եկաւ ելոյթով մը: Այլ ելոյթներէ ետք Վեհափառ Հայրապետը փոխանցեց իր պատգամն ու օրհնութիւնները: 

Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, որ իւրաքանչիւր ուսումնական տարի կրթօճախի պատմութեան մէջ արձանագրուած յաջողութեան նոր էջ մըն է, որ նոր յոյսերով եւ սպասումներով կը համակէ բոլորը: «Հոգեւոր-կրթական նուիրական հաստատութիւններու յարկին ներքեւ կը պատրաստուին Հայոց Եկեղեցւոյ հոգեւոր սպասաւորները, որոնք ծառայութեան կը կոչուին Հայաստանի եւ սփիւռքի մեր թեմերուն մէջ՝ հոգատարելու ազգային եւ մշակութային տարբեր միջավայրերու մէջ ապրող մեր ժողովուրդի զաւակները, զօրացնելու անոնց մէջ սէրը առ Հայաստան ու Սուրբ Եկեղեցի եւ առաջնորդելու Աստուածապարգեւ փրկութեան ճանապարհով: Ճեմարանի գործունէութիւնը ուղղակիօրէն կ՚առընչուի իւրաքանչիւր հայորդիի հոգեւոր կեանքին եւ ազգային ինքնագիտակցութեան, մեր հաւատացեալներու արժէքային համակարգին: Այս իմաստով մեր ակնկալութիւններն ու պահանջները միշտ մեծ են մեր հոգեւոր հաստատութիւններէն», ըսաւ ան: 

Պատգամի տեւողութեան Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ արդի աշխարհի գերարագ փոփոխութիւններու պայմաններուն ներքեւ՝ խիստ անհրաժեշտ նկատելով, որ հոգեւորականը ամուր կառչած մնայ հայրերու սրբազան աւանդութեան եւ ազգային արմատներուն, հաղորդ ըլլայ նաեւ ժամանակի զարգացումներուն եւ մարտահրաւէրներուն, նաեւ համարժէքօրէն արձագանգէ իր հօտի հոգեւոր կարիքներուն ու պահանջներուն: Ան աւելցուց, որ միայն այս ճանապարհով հնարաւոր է ներկայ մարտահրաւէրներու պայմաններուն ներքեւ արդիւնաւորել Սուրբ Եկեղեցւոյ Տիրաւանդ առաքելութիւնը եւ Կենաց Խօսքի քարոզչութեամբ լուսաւորել եւ բարեզարդել հայ կեանքը: 

Խօսք ուղղելով դասախօսներուն՝ Վեհափառ Հայրապետը յորդորեց՝ հաւատարիմ Սահակ-Մեսրոպի դպրոցի աւանդներուն շարունակել ջանադիր ու բեղուն աշխատանքով գիտելիքներ հաղորդել սաներուն, զօրացնել անոնց հոգեւոր նկարագիրը, ազգային գիտակցութիւնը, ոգեշնչել մեր մեծանուն հոգեւոր գործիչներու լուսաւոր օրինակով: «Ազգային-եկեղեցական անդաստանին նոր կորովի մշակներ հասցուցէք եւ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի նման «քաջ հովիւներ», որպէսզի անոնք կարող ըլլան Աւետարանի խօսքով ոգեշնչել, մխիթարել եւ օգտաշատ սպասաւորութիւն բերել մեր ժողովուրդի զաւակներուն», շարունակեց Նորին Սրբութիւնը։ 

Այս բոլորէն վերջ, Վեհափառ Հայրապետը ճեմարանի սաներուն պատգամեց անյագօրէն ամբարել մատուցուող գիտելիքները, աղօթքով ու նախանձախնդրութեամբ պարտաստուիլ Քրիստոսի սպասաւոր ըլլալու մեծագոյն կոչման: Ան նաեւ ընդգծեց, որ սպասաւորութիւնը ազգին եւ Եկեղեցւոյ կը պահանջէ քաջարի ոգի, աննկուն կամք եւ ի հարկէ՝ ամենայն զոհողութեանց պատրաստակամութիւն: «Հոգեւոր ասպարէզ մուտք գործելու ձեր յանձնառութեան մէջ ամուր մնացէք հաւատքով եւ աներեր՝ մեր Փրկիչի ճշմարիտ վարդապետութեան ու կենարար պատգամներուն հաւատարմութեան մէջ», ըսաւ ան եւ յորդորեց առաջնորդուիլ տէրունի այս պատգամներով եւ ազգային կեանքէ ներս Հայոց Եկեղեցւոյ առաքելութեան կենսական կարեւորութեան գիտակցութեամբ, որպէսզի իբրեւ ապագայ առաջնորդներ եւ հովիւներ՝ արժանաւոր յաջորդները ըլլան մեր սուրբ նախնեաց եւ իրենց ծառայութեամբ լոյսն ու սէրը առատացնեն մեր ժողովուրդի զաւակներու հոգիներուն մէջ: 

«Բարձրեալը ձեզի շնորհ տուած է ձեր հաւատքը, գիտելիքները, նուիրումը եւ ամբողջ կեանքը ծառայեցնելու եւ ընծայաբերելու ի սէր Աստուծոյ, ի սէր մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ ազգի», շարունակեց ան: 

Կրթական շրջանի փակման հանդիսութեան առթիւ Վեհափառ Հայրապետը օրհնութիւնն ու գնահատանքը փոխանցեց ճեմարանի տեսչական եւ դասախօսական կազմին: Հուսկ, ան առ Աստուած աղօթք բարձրացուց, որպէսզի Տէրը պահէ ու պահպանէ բոլորը Իր ամենախնամ Սուրբ Աջի հովանիին ներքեւ եւ Աստուծոյ զօրակցութեամբ նորանոր յաջողութիւններով զարդարուի Մայր Աթոռի հոգեւոր կրթարաններու կարեւոր գործունէութիւնը՝ ի փառս Աստուծոյ, յանուն ազգի եւ հայրենիքի բարօրութեան ու յառաջընթացի, նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ պայծառութեան:

Հարկ է նշել, որ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանը այս տարի աւարտեց տասնմէկ սան:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 1, 2026